Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մոսկուան Ապակառուցողական Կ’որակէ Ռուս Խաղաղապահներու Հասցէին Հայաստանէն Հնչող Մեղադրանքները

Մոսկուան Ապակառուցողական Կ’որակէ Ռուս Խաղաղապահներու Հասցէին Հայաստանէն Հնչող Մեղադրանքները

by MassisPost

Մոսկուան ապակառուցողական կ’որակէ ռուս խաղաղապահներու հասցէին Հայաստանէն հնչող մեղադրանքները եւ փաստերը շահարկելու փորձերը։

Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ Արտաքին գործերու նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։

«Մենք կը տեսնենք այդ յայտարարութիւնները, զանոնք կը համարենք ապակառուցողական, ամենակարեւորը՝ իրականութեան չհամապատասխանող», ըսած է Զախարովան։

Ռուսաստանցի դիւանագէտը նաեւ յաւելած է, որ Հայաստանի նման յայտարարութիւնները «փաստերը կեղծելու փորձեր են», որուն նպատակը «պատասխանատուութենէն խուսափիլն է»։

Ռուսիոյ Արտաքին գործերու նախարարութեան ներկայացուցիչը չէ յստակացուցած, թէ ռուս խաղաղապահներու հասցէին Հայաստանէն հնչող որ մեղադրանքներն են «կեղծ»։

Հայաստանի իշխանութիւնները ռուս խաղաղապահները կը մեղադրեն Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը չպաշտպանելու համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment