Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պասթիլի Հրապարակին Վրայ Կազմակերպուած Է «Լեռնային Ղարաբաղ՝ Վտանգուած Հայկական Ժառանգութիւն» Խորագիրը Կրող Բացօթեայ Ցուցահանդէս

Պասթիլի Հրապարակին Վրայ Կազմակերպուած Է «Լեռնային Ղարաբաղ՝ Վտանգուած Հայկական Ժառանգութիւն» Խորագիրը Կրող Բացօթեայ Ցուցահանդէս

by MassisPost

Փարիզի նշանաւոր Պասթիլի հրապարակին վրայ, Փարիզի քաղաքապետարանի եւ «L’Œuvre d’Orient» կաթոլիկ կազմակերպութեան կողմէ համատեղ կազմակերպուած է «Լեռնային Ղարաբաղ՝ վտանգուած հայկական ժառանգութիւն» խորագիրը կրող բացօթեայ ցուցահանդէս, որու առանցքին Լեռնային Ղարաբաղի հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը ներկայացնող 30 բացառիկ լուսանկարներ են, կը յայտնեն Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանութենէն:

«Ցուցահանդէսի պաշտօնական բացման իր խօսքին մէջ, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեանը շնորհակալութիւն յայտնած է Փարիզի քաղաքապետարանին եւ «L’Œuvre d’Orient» կաթոլիկ կազմակերպութեան՝ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի կողքին մշտապէս ըլլալու համար եւ նշած է, որ ցուցահանդէսին կազմակերպումը այդ համերաշխութեան հերթական դրսեւորումն է։

Հայաստանի դեսպանը շեշտած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին նկատմամբ ցեղային զտում իրականացնելէ յետոյ, այժմ Ատրպէյճանը քայլեր կը ձեռնարկէ վերացնելու այնտեղ հայկական բազմահազարամեայ ներկայութեան հետքերը, որոնց խօսուն ապացոյցներն են ցուցադրուող լուսանկարներուն մէջ պատկերուած եկեղեցիները, կոթողներն ու յուշարձանները։ Այս ծիրին մէջ ան առանձնայատուկ կարեւորած է Լեռնային Ղարաբաղի հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան հանրահռչակման եւ պահպանման ուղղութեամբ միջազգային ջանքերու գործադրումը։

Ցուցահանդէսի բացման ներկայ էին եւ խօսքով հանդէս եկան նաեւ Փարիզի փոխքաղաքապետեր Առնօ Նկաչան եւ Գարին Ռոլանը, «l’Œuvre d’Orient» կաթոլիկ կազմակերպութեան նախագահ Ժան-Իվ Թոլոն ,նոյն կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէն, գերաշնորհ Փասքալ Կոլնիշը, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանը», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment