Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ»-ը Յստակօրէն Կը Մատնանշէ, Թէ Ինչպէս Պէտք Է Տեղի Ունենայ Ապաշրջափակման Գործընթացը․ ՀՀ ԱԳՆ

«Խաղաղութեան Խաչմերուկ»-ը Յստակօրէն Կը Մատնանշէ, Թէ Ինչպէս Պէտք Է Տեղի Ունենայ Ապաշրջափակման Գործընթացը․ ՀՀ ԱԳՆ

by MassisPost

«Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախագիծի յայտնի չորս սկզբունքները յստակօրէն կը մատնանշեն, թէ ինչպէս պէտք է տեղի ունենայ տարածաշրջանի տնտեսական եւ հաղորդակցային կապուղիներու ապաշրջափակման գործընթացը, «Ազատութեան» հարցին ի պատասխան փոխանցած են Հայաստանի Արտաքին գործերու նախարարութենէն։

Յունուարի սկիզբը, գերմանական «Berliner Zeitung»-ին տուած հարցազրոյցին, Ատրպէյճանի նախագահի խորհրդական Հիքմեթ Հաճիեւ, խօսելով Նախիջեւանի հետ ցամաքային կապի սահմանային եւ մաքսային կարգին մասին, ըսած էր, որ Ատրպէյճանը պատրաստ է քննարկելու «Քալինինկրատի տարբերակը»։

«Ազատութիւն»-ը, մասնաւորապէս, հետաքրքրուած էր Արտաքին գործերու նախարարութենէն, թէ արդեօք քննարկուա՞ծ է այս առաջարկը եւ ի՞նչ դիրքորոշում ունի պաշտօնական Երեւանը այս հարցոխ։

Արտաքին գործերու նախարարութենէն նշած են, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ընթացող բանակցութիւններու շրջանակներուն մէջ կողմերը միմեանց կը ներկայացնեն տարբեր հարցեր, այդ շարքին՝ նաեւ տարածաշրջանի տնտեսական եւ հաղորդակցային կապուղիներու ապաշրջափակման շուրջ տարբեր պատկերացումներ, գաղափարներ եւ մօտեցումներ՝ առանց յստակացնելու այնուամենայիւ այդ հարցը քննարկուա՞ծ է, թէ՞ ոչ։

Ըստ Հաճիեւի մատնանշած տարբերակին՝ Ռուսաստանի քաղաքացիները իրաւունք ունին Լիթուանիոյ ցամաքային տարածքով Քալինինկրատէն հասնիլ Ռուսաստան՝ յատուկ տարանցման փաստաթուղթով․ այս պարագային Ռուսիոյ քաղաքացիներուն անհրաժեշտ չէ Շէնկէնեան վիզա ունենալ։ Այս համաձայնութիւնը ձեռք բերուած է Մոսկուայի ու ԵՄ-ի միջեւ՝ 20 տարի առաջ։

Դեկտեմբերին Պաքուի մէջ տեղի ունեցած համաժողովին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ըսած էր, որ Ատրպէյճանին պէտք է դիւրին մուտք Նախիջեւան, առանց սահմանին մաքսային խոչընդոտներու, ստուգումներու կամ ընթացակարգերու:

Ան նաեւ ըսած էր, որ Պրիւքսէլի մէջ Նիկոլ Փաշինեանի հետ այդ հարցերը քննարկելու ժամանակ անդրադարձ եղած է Ռուսաստանի եւ Քալինինկրատի երկաթուղային գիծի փորձին, սակայն Հայաստանը հրաժարած է անկէ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment