Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԼՂ Հակամարտութենէն Տուժած Բոլոր Անձերու Իրաւունքներու Արդիւնաւէտ Պաշտպանութիւնը Խաղաղ Գործընթացի Յաջողութեան Բանալին Է. Միյաթովիչ

ԼՂ Հակամարտութենէն Տուժած Բոլոր Անձերու Իրաւունքներու Արդիւնաւէտ Պաշտպանութիւնը Խաղաղ Գործընթացի Յաջողութեան Բանալին Է. Միյաթովիչ

by MassisPost

«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները իրենց խաղաղ բանակցութիւններուն մէջ պէտք է կեդրոնանան մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան վրայ եւ հակամարտութենէն տուժած բոլոր անձերուն համար հաստատեն մարդու իրաւունքներու կայուն երաշխիքներ», ըսած է Եւրոպայի Խորհուրդի մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Տունիա Միյաթովիչը՝ հրապարակելով իր դիտարկումները 2023 թուականի Հոկտեմբեր 16-23-ին Հայաստան, Ատրպէյճան եւ Լեռնային Ղարաբաղ այցէն յետոյ: Տասնամեակներու ընթացքին առաջին անգամ էր, որ նման իրաւապաշտպան առաքելութիւնը կրցաւ այցելել ԼՂ:

Ողջունելով Հայաստանի իշխանութիւններուն ջանքերը՝ Լեռնային Ղարաբաղէն ժամանած բոլոր կարիքաւորներուն առաջին տարրական օգնութիւն տրամադրելու ուղղութեամբ, յանձնակատարը ընդգծած է, որ Հայաստանի մէջ ապաստան գտած ԼՂ հայերուն եւ, մասնաւորապէս, խոցելի խումբերու պատկանողներուն, պէտք է երաշխաւորուի անհրաժեշտ աջակցութեան հասանելիութիւն անմիջական, միջնաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ հեռանկարի մէջ: «Եւրոպայի Խորհուրդի անդամ երկիրները պէտք է կեդրոնանան ֆինանսական աջակցութեան վրայ, ապահովեն, որ տեղահանուածներու եւ զանոնք ընդունող բնակչութեան մարդասիրական կարիքները լիովին բաւարարուին», աւելցուցած է յանձնակատարը:

Միյաթովիչ ընդգծած է, որ Հայաստանի մէջ վերջերս տեղահանուած ԼՂ հայերուն պէտք է հնարաւորութիւն տրուի վերադառնալու ապահով եւ արժանապատիւ, նոյնիսկ եթէ այդ ենթադրական կը թուի այս պահուն, ներառեալ ճկուն լուծումներ գտնելու միջոցով, մասնաւորապէս՝ կապուած անոնց քաղաքացիութեան եւ իրաւական կարգավիճակի հետ: «Մինչ հնարաւոր վերադարձը, պէտք է անյապաղ ուղիներ գտնել, այդ շարքին՝ անվտանգութեան երաշխիքներ հաստատելով, որ ղարաբաղցի հայերը ժամանակաւորապէս մուտք գործեն իրենց տուները կամ սովորական բնակութեան վայրերը եւ այցելեն գերեզմաններ, ուր թաղուած են հարազատները: Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն պարտականութիւնն է ապահովել, որ ղարաբաղցի հայերուն թողած ունեցուածքը պաշտպանուած ըլլայ թալանէ, գողութենէ կամ զաւթումէ: Այն սակաւաթիւ հայերը, որոնք մնացած են Ղարաբաղի տարածաշրջանին մէջ, նոյնպէս պէտք է օգտուին մարդու իրաւունքներու պաշտպանութենէն, այդ շարքին՝ ազատ տեղաշարժի իրաւունքէն», նշած է Միյաթովիչ:

«Միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտման եւ հակամարտութեան հետ կապուած մարդու իրաւունքներու լուրջ խախտումներու մասին բոլոր մեղադրանքները պէտք է արդիւնաւէտ եւ անյապաղ հետաքննուին, մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկուին արդար, անկախ եւ անաչառ դատավարութենէ յետոյ: Այդ կը ներառէ մեղադրանքներ՝ կապուած Լաչինի միջանցքի արգելափակման հանգամանքներու, ղարաբաղցի հայերու զանգուածային տեղահանման եւ Սեպտեմբեր 19-20-ի ռազմական գործողութեան հետ», ըսած է յանձնակատարը։

Տունիա Միյաթովիչի դիտարկումներուն մէջ արծարծուած մարդու իրաւունքներու վերաբերեալ այլ հարցերը կը ներառեն մարդիկը ականներէ եւ պատերազմէ մնացած պայթուցիկներէ պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը, հակամարտութեան պատճառով ձերբակալուած անձերու վիճակը, ներառեալ անոնց կալանքի պայմաններն ու ընտանիքներու հետ շփման մակարդակը, հակամարտութեան ընթացքին անյայտ կորսուածներու ճակատագիրը պարզելու եւ անոնց ընտանիքներուն պատասխաններ տալու կարեւորութիւնը: Ի վերջոյ, յանձնակատարը երկու երկիրներու իշխանութիւններուն կոչ ըրած է պայքարելու ատելութեան խօսքի դէմ եւ խթանելու փոխըմբռնումն ու վստահութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment