Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գրիգորեան Եւ Պոնօ Քննարկած Են Հայ-Ատրպէյճանական Յարաբերութիւններու Հարցեր

Գրիգորեան Եւ Պոնօ Քննարկած Են Հայ-Ատրպէյճանական Յարաբերութիւններու Հարցեր

by MassisPost

Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Երեւանի մէջ ԱՄՆ Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Լուիս Պոնոյի հետ քննարկած է հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը։

Ըստ հայկական կողմին՝ Գրիգորեանն ու Պոնօն անդրադարձած են վերջին շրջանին տեղի ունեցած բանակցութիւններուն ու անոնց շրջանակներուն մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին:

«Մէկ անգամ եւս վերահաստատել եմ հայկական կողմի յանձնառութիւնը՝ տարածաշրջանում հաստատելու երկարատեւ եւ համապարփակ խաղաղութիւն», հանդիպումէն յետոյ ֆէյսպուքեան իր էջով գրած է Արմէն Գրիգորեանը:

Անցեաթ շաբաթավերջին ճեպազրոյցի ընթացքին ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան խօսնակ Մեթիու Միլլըր յայտնած էր, մասնաւորապէս, որ Ռուսաստանը չի խանգարեր Միացեալ Նահանգները՝ ջանքեր գործադրելու հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման ուղղութեամբ, որոնք, իր կարծիքով, «անհրաժեշտ են Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին»: «Եւ մենք պիտի շարունակենք հետամուտ ըլլալ անոնց», յաւելած էր ան:

Հարցումին՝ ե՞րբ պաշտօնական Ուաշինկթընը կ’ակնկալէ հիւրընկալել նախարարները, Պետական Քարտուղարութեան խօսնակը պատասխանած էր. «Հետեւեցէք, մենք յայտարարութեամբ հանդէս կու գանք, երբ հանդիպում նշանակուի»:

Շաբաթ օրը Սթամպուլի մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն եւ Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Հաքան Ֆիտանը քննարկած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւնները, հաղորդած են թրքական լրատուամիջոցները:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment