Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 2023 Թուականին Հայաստան Այցելած Է 2 Միլիոն 300 Հազար Զբօսաշրջիկ. Սիսիան Պօղոսեան

2023 Թուականին Հայաստան Այցելած Է 2 Միլիոն 300 Հազար Զբօսաշրջիկ. Սիսիան Պօղոսեան

by MassisPost

«2023 թուականին ունեցած ենք 2 միլիոն 300 հազար զբօսաշրջիկ, մօտաւորապէս 20 տոկոս աճ՝ 2019 թուականի համեմատ եւ 39 տոկոս աճ՝ 2022 թուականի համեմատ», ամփոփելով 2023 թուականի զբօսաշրջային տարին՝ այս մասին յայտնեց Տնտեսութեան նախարարութեան Զբօսաշրջութեան կոմիտէի նախագահ Սիսիան Պօղոսեանը:

Ան նշեց, որ զբօսաշրջիկներուն 50 տոկոսը եկած է Ռուսաստանէն, երկրորդ եւ երրորդ տեղերուն վրայ են Վրաստանն ու Իրանը: Այնուհետեւ շատ եկած են ԱՄՆ-էն սփիւռքահայերը:

«Հնդկաստանէն բաւականին զբօսաշրջիկ ունինք այս պահին, որ կու գան Տուպայէն: Գերմանիան, Ֆրանսան եւս կը շարունակեն ըլլալ կարեւոր թիրախային շուկաներ մեզի համար: Չինաստանը առաջին 10 երկիրներուն մէջ է», ըսաւ Սիսիան Պօղոսեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment