Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ-ն Առաջին Անգամ Յայտնուած Է Հայաստանի Խոշորագոյն Առեւտրային Գործընկերներու Ցանկին Մէջ

ԱՄՆ-ն Առաջին Անգամ Յայտնուած Է Հայաստանի Խոշորագոյն Առեւտրային Գործընկերներու Ցանկին Մէջ

by MassisPost

Հայաստանի ամենախոշոր առեւտրային գործընկերը 2023 թուականին շարունակած է մնալ Ռուսաստանի Դաշնութիւնը, թէեւ ընդհանուր առեւտրաշրջանառութեան մէջ մասնաբաժինը քիչ մը նուազած է, յայտնած է տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեանը:

«Մեր ամենախոշոր առեւտրային գործընկերը դեռեւս Ռուսաստանն է՝ չնայած իր մասնաբաժինն ընդհանուր առեւտրաշրջանառութեան մէջ մի փոքր նուազել է: Յաջորդը Արաբական Միացեալ Էմիրությունները, Չինաստանը, Վրաստանն ու ԱՄՆ-ն են, որն առաջին անգամ է այս ցուցակում», ըսած է Քերոբեան:

Նախարարը յայտնած է, որ կը շարունակեն աշխատանքը աւելի բազմազանեցուած արտաքին առեւտրային շրջանառութիւն ունենալու ուղղութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment