Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայութիւնը Բոլորեց Դժուարութիւններու Տարի Մը Եւս

Հայութիւնը Բոլորեց Դժուարութիւններու Տարի Մը Եւս

by MassisPost

2023 տարին մնաց մեր ետին ու այժմ կը թեւակոխենք նոր տարի մը  այն ակնկալիքով, որ ան ըլլայ տարբեր վերջին մի քանի տարիներէն, որոնք Հայաստանի ու Հայ Ժողովուրդին համար եղան դժուարին ու տխուր տարիներ, երբ տուինք հազարաւոր զոհեր ու ամբողջութեամբ հայաթափուեցաւ Արցախ աշխարհը:

2023-ը եղաւ այն տարին երբ մեր բարեկամները անտեսեցին Արցախցիներու օգնութեան կանչերը:  Ատրպէյճան ամիսներ շարունակ ամբողջական շրջափակման տակ պահեց 120 հազար հայերու, որոնք կը ձգտէին ապրիլ ազատ ու անկախ իրենց դարաւոր հողին վրայ: Քաղաքակիրթ կոչուող երկիրներուն համար աւելի թանկ արժեցին Պաքուի նաւթահորերը ու կազի աղբիւրները, քան սովի մատնուած Արցախցիներուն կեանքը:

Հայ ժողովուրդը ապրեցաւ իր պատմութեան ամենէն մեծ յուսախաբութիւններէն մին, երբ մեր դաշնակից պետութիւնը, որ իր վրայ առած էր Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան պաշտպանութիւնը, իր լուռ մեղսակցութեամբ մասնակից եղաւ հայ ժողովուրդի նոր օրերու տեղահանութեան ու զանգուածային գաղթին:

Հայաստանի կառավարութիւնն ու հասարակ քաղաքացիները օգնութեան ձեռք մեկնեցին իրենց քոյրերուն եւ եղբայրներուն`  մեղմելով անոնց տառապանքը: Շնորհիւ այդ վերաբերմունքին Արցախցիները ստիպուած չեղան ապրելու ՄԱԿ-ի  սպիտակ վրաններուն տակ, ինչպէս որ նման պատահարներէ ետք ականատես կ’ըլլանք նման տեսարաններու` աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ: Պետութեան տրամադրած աջակցութիւնը եկաւ մասամբ ամոքելու մեր հայրենակիցներուն վէրքերը ու անոնք այժմ կը փորձեն վերականգնել իրենց կեանքը` օր մը իրենց տուները վերադառնալու յոյսով:

Հակառակ այս ողբերգութեան ու թշնամիներուն կողմէ մնայուն սպառնալիքներուն, Հայաստանի ժողովուրդը շարունակեց ապրիլ ու արարել, իր Հայրենիքը վերածելով տարածաշրջանի տնտեսապէս ամենէն արագ զարգացող երկրի: Այդ մասին վկայեցին միջազգային վարկանիշային եւ ֆինանսական կազմակերպութիւններու յաջորդական զեկոյցները:

Հայաստանի տնտեսութեան մէջ արձանագրուող յառաջընթացը եւ պետական գանձին մէջ մուտքագրուող գումարները առիթ տուին, որպէսզի մեծ յատկացումներ կատարուին Հայոց բանակին ու երկրի պաշտպանական  ոլորտին: Արդիական նոր զինատեսակներ հերթաբար կը հասանին Հայաստան` մտահոգութիւն պատճառելով Ատրպէյճանի ղեկավարութեան, որ սկսած է բողոքել հոս ու հոն, թէ անոնք զէնք մատակարարելով Հայաստանին կը վնասեն «խաղաղութեան» գործընթացին:

Ժողովրդավարութիւնը շարունակեց մնալ Հայաստանի գլխաւոր դրամագլուխը, որ մեր երկիրը կը մօտեցնէ Եւրոպային ու անոնց մօտ զգալի միտում կը յառաջացնէ Հայաստանի անկախութիւնը եւ հողային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու առումով: Հոն ուր ձախողեցան մեր աւանդական դաշնակիցները, Արեւմուտքը պատրաստակամութիւն կը յայտնէ լեցնելու անոնց տեղը:

Սփիւքահայութիւնը կը շարունակէ ապրիլ Հայաստանի հոգսերով, ազգապահպանման մարտահրաւէրներով ու ապրած երկիրներուն մէջ տեղի ունեցող քաղաքական ու տնտեսական տագնապներով:  Մեր աչքերուն առջեւ կը ջլատին ու կը հիւծին հայաստանամերց երբեմնի հայահոծ ու ազգային կեանքով հարուստ մեր համայնքները: Շատեր կը գաղթեն հեռաւոր երկիրներ, ուր ձուլումի վտանգը շատ աւելի մեծ է: Սակայն կան ուրիշներ, որոնք կը նախընտրեն նոր կեանք սկսիլ Հայրենիքի հողին վրայ« որ կը մնայ մեր ազգի գոյութեան միակ երաշխիքը:

Գալով Ամերիկային, Միացեալ Նահանգները կը պատրաստուի 2024 թուականի նախագահական ընտրութիւններուն« որոնք տեղի պիտի ունենան նախորդ ընտրութիւններուն շուրջ շարունակուող վէճի շուքին տակ: Հրապարակի վրայ կը շարունակէ մնալ նախկին նախագահ մը« որ կը մերժէ ընդունիլ իր պարտութիւնը ու իր միլիոնաւոր հետեւորդները մոլորեցնելով կը վտանգէ ամբողջ երկրի ապագան: Մտահոգութիւն կայ որ ան վերադառնալով իշխանութեան Ամերիկան  պիտի հեռացնէ ժողովրդավարական իր սկզբունքներէն ու պաշտօններու վրայ նշանակէ մարդիկ, որոնք դառնան իր կամակատարները, անտեսելով կարգ ու կանոն, որոնք կը հանդիսանան Միացեալ Նահանգներու հզօրութեան գլխաւոր սիւները:

Երկու պատերազմներ իրենց վրայ կեդրոնացուցին Աշխարի ուշադրութիւնը: Կարճատեւ ենթադրուող Ուքրանիոյ պատերազմը մօտ օրէն պիտի բոլորէ իր երկրորդ տարին, առանց որ, հորիզոնի վրայ երեւնայ անոր աւարտը: Ուքրանիոյ պատերազմին վրայ եկաւ աւելնալու Կազայի հակամարտութիւնը, որ կը շարունակէ խլել հազարաւոր անմեղներու կեանքը: Իսրայէլն ու Համասը կը շարունակեն գործել զիրար կործանելու նպատակադրութեամբ: Մեծ է մտավախութիւնը, որ այս պատերազմի կայծերը կրնան տարածուիլ այլ վայրեր` ամբողջ տարածաշրջանը ներգրաւելով անոր կրակներուն մէջ:

Տարուան ընթացքի հրապարակ եկաւ բարձր արհեստագիտութեան (թեքնոլոճի) մէջ նոր զարգացում մը, որ ճանչցուեցաւ «Արհեստական Բանականութիւն» անուամբ: Այս գիւտը հնարողներն անգամ մտահոգութիւն կը յայտնեն, որ ան կրնայ տակնուվրայ ընել մարդկութեան կեանքը` իրականութիւնը եւ արհեստականը խառնելով իրար ու այդ երկուքին միջեւ զատորոշումը դարձնել գրեթէ անհնարին: «Արհեստական Բանականութիւն» կոչուողը` օժտուած ըլլալով տեղեկութեան ահռելի պաշարներով ապագայի կրնայ փոխարինել տարբեր բնագաւառներու մէջ աշխատուժը:

2024 տարուան սեմին կը մաղթենք որ երկրագունդի վրայ դադրին պատերազմները, նուազին մարդկային տառապանքները, վերանան բնական աղէտները ու աշխարհի վրայ տիրէ ընկերային արդարութիւնն ու հաւասարութիւնը:

Նոր տարին նաեւ կը դիմաւորենք այն յոյսով որ ան կ’ըլլայ իր նախորդներէն տարբեր ու Հայաստանը կը կարողանայ ապրիլ աւելի խաղաղ պայմաններու տակ` իր շուրջ համախմբելով համայն  հայութիւնը, որպէսզի կերտենք աւելի փայլուն ապագայ մը յաջորդող սերունդներուն համար:

Շնորհաւոր Նոր Տարի

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment