Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պետական Եկամուտներու Կոմիտէն 2023 Թուականը Ամփոփած Է 2 Թրիլիոն 221,9 Միլիառ Դրամ Հարկային Եկամուտներով

Պետական Եկամուտներու Կոմիտէն 2023 Թուականը Ամփոփած Է 2 Թրիլիոն 221,9 Միլիառ Դրամ Հարկային Եկամուտներով

by MassisPost

Պետական Եկամուտներու Կոմիտէն 2023 թուականը ամփոփած է 2 թրիլիոն 221,9 միլիառ դրամ հարկային եկամուտներով՝ գերազանցելով նախորդ տարուայ ցուցանիշը 295,9 միլիառ դրամով կամ 15,4%-ով: Տարեսկիզբին հաստատուած՝ 2 թրիլիոն 203,7 միլիառ ծրագրային ցուցանիշը գերակատարուած է 18,2 միլիառ դրամով:

Հարկ վճարողներուն եւ ֆիզիքական անձերուն վերադարձուած է շուրջ 362,9 միլիառ դրամ՝ նախորդ տարուան ցուցանիշը գերազանցելով 100,1 միլիառ դրամով կամ շուրջ 38,1%-ով: Հաշուարկային փաստաթուղթերու (այդ շարքին՝ ՀԴՄ կտրօններով) տուեալներով իրականացուած է 648,7 միլիոն գործարք` 12,2 թրիլիոն դրամ արժէքով՝ գերազանցելով նախորդ տարուան ցուցանիշը՝ 45 միլիոն գործարքով եւ 2,1 թրիլիոն դրամով։ Արձանագրուած է աշխատատեղերու եւ միջին աշխատավարձի մրցանշային աճ. եկամուտ ստացող աշխատատեղերու թուաքանակը Նոյեմբերին կազմած է շուրջ 738 հազար, նախորդ տարուան ցուցանիշը գերազանցելով 5,2%-ով, միջին աշխատավարձը կազմած է 293 հազար դրամ, աճը՝ 10,6%:

Կոմիտէն 2023 թուականը աւարտած է նաեւ նախանշուած ծրագրերու իրագործմամբ: Տարին յատկանշուած է հարկային ոլորտին մէջ իրականացուած արդիւնաւէտ վարչարարութեամբ, ընթացակարգերու պարզեցմամբ եւ թուայնացմամբ, հետեւողական բարեփոխումներով, օրէնսդրական նախաձեռնութիւններով: Միջազգային համագործակցութեան ուղղութեամբ ՊԵԿ-ը եւս կարեւոր ձեռքբերումներ արձանագրած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment