Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միրզոյեանն Ու Թասմակամպեթովը ՀԱՊԿ Գործունէութեան Առնչուող Հարցեր Քննարկած Են, Խօսած Են «Խաղաղութեան Խաչմերուկ»-ի Մասին

Միրզոյեանն Ու Թասմակամպեթովը ՀԱՊԿ Գործունէութեան Առնչուող Հարցեր Քննարկած Են, Խօսած Են «Խաղաղութեան Խաչմերուկ»-ի Մասին

by MassisPost

Դեկտեմբեր 21-ին ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունած է Հաւաքական անվտանգութեան մասին պայմանագրի կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Իմանկալի Թասմակամպեթովը:

Զրուցակիցները քննարկած են ՀԱՊԿ գործունէութեան առնչուող հարցեր:

ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը ՀՀ արտաքին գործերու նախարարին տեղեկացուցած է 2023 թուականի Նոյեմբերին Մինսքի մէջ կայացած ՀԱՊԿ Հաւաքական Անվտանգութեան Խորհուրդի նստաշրջանի եւ ՀԱՊԿ Արտաքին Գործերու Նախարարներու Խորհուրդի, Պաշտպանութեան Նախարարներու Խորհուրդի եւ Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղարներու Կոմիտէի համատեղ նիստին արդիւնքներուն մասին։

Հանդիպման ընթացքին Արարատ Միրզոյեանը եւ Իմանկալի Թասմակամպեթովը միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակի, փոխադրութեան եւ տնտեսական փոխկապակցուածութեան զարգացման ուղղուած նախագիծերու, այդ շարքին՝ ՀՀ կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» հայեցակարգին վերաբերեալ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment