Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միրզոյեան Պրիւքսէլի Մէջ Կը Մասնակցի Արեւելեան Գործընկերութեան Արտաքին Գործերու Նախարարներու Համաժողովին

Միրզոյեան Պրիւքսէլի Մէջ Կը Մասնակցի Արեւելեան Գործընկերութեան Արտաքին Գործերու Նախարարներու Համաժողովին

by MassisPost

Եւրոմիութեան 27 երկիրներու արտաքին գործերու նախարարները Պրիւքսէլի մէջ համաժողով ունեցած են Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու, այդ շարքին՝ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարին հետ։ Դատարկ էր միայն Պելառուսիոյ աթոռը, որու նախագահին դէմ միութիւնը պատժամիջոցներ սահմանած է։ Փոխարէնը յատուկ վերաբերմունք եղած է Հայաստանի հանդէպ։

Եւրոմիությեան արտաքին յարաբերութիւններու հարցով բարձրագոյն յանձնակատարը առանձին՝ ոչ-պաշտօնական նախաճաշ-հանդիպում ունեցած է Արարատ Միրզոյեանի հետ։

«Այսօրուան առաջին հանդիպումս Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարին հետ է, յետոյ՝ Արեւելեան գործընկերութեան արտաքին գործերու նախարարներուն հանդիպումը։ Քանի որ այդ տարածաշրջանին մէջ շատ բան կը փոխուի, եւ շատ կարեւոր է ուշադրութեան կեդրոնին պահել, մասնաւորապէս, Հայաստանը, որ շատ բարդ իրավիճակի մէջ էր եւ կը շարունակէ ըլլալ։ Ուստի, ես իմ օրը կը սկսեմ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարին հետ», հանդիպման մեկնարկին ըսած է Ժոզեփ Պորէլը:

Աւելի վաղ Եւրոմիութեան բարձրաստիճան դիւանագէտներէն մէկը, անանուն մնալու պայմանով «Ազատութեան» ըսած էր, որ Պրիւքսէլը կ’ուզէ մանրամասնութիւններ լսել Միրզոյեանէն՝ տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումներուն, Ատրպէյճանի հետ անցեալ շաբաթ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն վերաբերեալ եւ ճշդած՝ ինչով կրնայ օգնել։

«Մենք պատրաստ ենք թէ՛ ֆինանսական, թէ՛ քաղաքական օգնութիւն տրամադրելու», ըսած էր եւրոպացի բարձրաստիճան դիւանագէտը, յաւելելով՝ կ’ակնկալեն Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարէն լսել՝ որոնք են առաջնահերթութիւնները։ «Ինձ համար պատիւ է եւ լաւ առիթ ներկայացնելու մերօրեայ Հայաստանը, մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ մեր հնարաւորութիւններն ու ձգտումները: Սա շատ լաւ հնարաւորութիւն է ներկայացնելու մեր պատկերացումները ԵՄ հետ մեր յարաբերութիւնները խորացնելու, Հայաստանի եւ ԵՄ միջեւ իրականացուած աշխատանքների, ինչպէս նաեւ անելիքների վերաբերեալ», ըսաւ Միրզոյեան։

Պաշտօնական Երեւանը վերջին ամիսներուն շարունակաբար կ’ընդգծէ, որ պատրաստ է եւ հաստատակամ խորացնելու յարաբերութիւնները Պրիւքսէլի հետ։ Այդ մասին նաեւ Վարչապետ Փաշինեան յայտնեց Եորախորհրդարանին մէջ երկու ամիս առաջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment