Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱԺ-ն Վաւերացուց Հայաստանի Եւ Հնդկաստանի Միջեւ Մաքսային Հարցերով Համագործակցութեան Համաձայնագիրը

ԱԺ-ն Վաւերացուց Հայաստանի Եւ Հնդկաստանի Միջեւ Մաքսային Հարցերով Համագործակցութեան Համաձայնագիրը

by MassisPost

Հայաստանի Ազգային Ժողովը վաւերացուց «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Հնդկաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ՝ մաքսային հարցերով համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան մասին» համաձայնագիրը: Նախագիծին կողմ քուէարկեց 95 պատգամաւոր:

Համաձայնագիրը ստորագրուած է 2023 թուականի Յունիս 23-ին, Պրիւքսէլի մէջ:

Այս համաձայնագրով հիմքեր կը ստեղծուին Հայաստանի եւ Հնդկաստանի մաքսային ծառայութիւններուն միջեւ փոխգործակցութեան ընդլայնման եւ ամրապնդման համար: Կը նախատեսուի մաքսային գործին վերաբերող հարցերուն մէջ փոխադարձ վարչական օգնութեան ցուցաբերման եւ այդ նպատակով տեղեկատուութեան փոխանակման ընթացակարգերու սահմանում:

Պետական Եկամուտներու Կոմիտէի նախագահի տեղակալ Աշոտ Մուրատեան ներկայացուցած էր, որ համաձայնագրի կիրառմամբ պիտի հաստատուի ուղղակի կապ երկու երկիրներու համապատասխան ստորաբաժանումներուն միջեւ, ինչն ալ իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Հնդկաստանէն ՀՀ ներմուծման եւ Հայաստանէն Հնդկաստան արտահանման ժամանակ մաքսային կանոններու խախտման դէպքերու բացայայտման, առկայ խնդիրներու աւելի արագ եւ գործնական լուծումներու վրայ: Տեղեկութիւններու փոխանակումը կրնայ իրականացուիլ հարցման հիման վրայ կամ մաքսային մարմիններու նախաձեռնութեամբ, օրինակ՝ ծագման հաւաստագրերու, հաշիւ-ապրանքագրերու մէջ առկայ տեղեկատուութեան ճշգրտման նպատակով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment