Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Իրավիճակը Հայաստանի Մէջ Կը Պահանջէ Մեր Վճռական Աջակցութիւնը. Պորէլ

Իրավիճակը Հայաստանի Մէջ Կը Պահանջէ Մեր Վճռական Աջակցութիւնը. Պորէլ

by MassisPost

Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը կը պահանջէ ԵՄ-ի վճռական աջակցութիւնը: Այս մասին ԵՄ Արտաքին գործերու նախարարներու խորհուրդի նիստէն առաջ լրագրողներուն ըսած է ԵՄ արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորէլը։

Անոր խօսքով՝ Խորհուրդին առջեւ իր առաջին հանդիպումը պիտի ունենայ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարին հետ։

«Կարեւոր է շարունակել ուշադրութիւն դարձնել Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներուն մէջ տիրող իրավիճակին եւ, մասնաւորապէս, Հայաստանին, որ կը գտնուի շատ բարդ իրավիճակի մէջ… Իրավիճակը Հայաստանի մէջ կը պահանջէ մեր վճռական աջակցութիւնը», ըսած է Պորէլ:

Ան նաեւ նշած է, որ Եւրոյանձնաժողովը դրական կը գնահատր ԵՄ-ին Վրաստանի անդամակցութեան գործընթացը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment