Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վահագն Խաչատուրեանը Արժանթինի Նորընտիր Նախագահը Հրաւիրած Է Հայաստան

Վահագն Խաչատուրեանը Արժանթինի Նորընտիր Նախագահը Հրաւիրած Է Հայաստան

by MassisPost

Խաւիեր Միլէյը հանդիսաւոր երդմամբ ստանձնած է Արժանթինի նախագահի պաշտօնը: Երդմնակալութեան արարողութիւնը տեղի ունեցած է մայրաքաղաք Պուենոս Այրեսի մէջ՝ Գոնկրէսի շէնքին մէջ։

Այս առթիւ Պուենոս Այրէս ժամամած ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը հանդիպած է Արժանթինի ընտրուած նախագահ Խաւիեր Միլէյի հետ։  Ողջունելով նախագահ Խաչատուրեանը, Խաւիեր Միլէյը շնորհակալութիւն յայտնած է իր երդմնակալութեան արարողութեան մասնակցելու հրաւէրը ընդունելու համար։ «Ինծի համար պատիւ է հանդիպիլ Ձեզի, ես եղած եմ Հայաստան եւ ծանօթ եմ Հայաստանին, վստահ եմ, որ մենք աւելի կը խորացնենք ու սերտացնենք մեր յարաբերութիւնները», նշած է Արժանթինի ընտրուած նախագահը: Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար, Վահագն Խաչատուրեանը շնորհաւորած է Խաւիեր Միլէյը՝ ընտրութիւններուն յաղթանակի առթիւ։ Հանդիպման ընթացքին նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը, իր եւ ՀՀ վարչապետին անունով, Խաւիեր Միլէյը հրաւիրած է Հայաստան, ինչին ի պատասխան Արժանթինի ընտրուած նախագահը նշած է, որ սիրով կ’այցելէ Երեւան հնարաւորութեան պարագային, այդ կերպ աւելի նպաստելով երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան հնարաւորութիւններն ու ներդրումային ծրագրերու խթանումը։ Զրոյցի ընթացքին երկուստեք կարեւորուած են պետական կառավարման համակարգին մէջ շարունակական բարեփոխումներու իրականացման անհրաժեշտութիւնը: Հանդիպման աւարտին ընգծուած է Հայաստանի եւ Արժանթինի միջեւ արդիւնաւէտ համագործակցութեան խթանման կարեւորութիւնը։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment