Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պետութիւնը Կ’ուզէ Քոչարեաններէն Բռնագանձել Աւելի Քան 60 Միլիոն Տոլար

Պետութիւնը Կ’ուզէ Քոչարեաններէն Բռնագանձել Աւելի Քան 60 Միլիոն Տոլար

by MassisPost

Գոյքն ու ֆինանսական միջոցները, որ պետութիւնը կ’ուզէ բռնագանձել նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանէն ու ընտանիքի անդամներէն, կ’անցնի 60 միլիոն տոլարը։

Օրերս Դատախազութիւնը դատարանին մէջ ներկայացուցած է մասնաւորապէս Քոչարեանի աւագ որդիին՝ Սեդրակ Քոչարեանի ու անոր կնոջ այն գոյքն ու դրամական միջոցները, որոնք իրաւապահները ապօրինի գնահատած են։

«Նշուած գոյքերը դրանց ձեռքբերման պահին առկայ օրինական եկամուտներով չեն հիմնաւորուել՝ որոշ գոյքեր՝ ամբողջութեամբ, որոշ գոյքեր՝ մասամբ, ինչը հիմք է ծառայել Ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման մասին օրէնքի կարգաւորումների համաձայն այդ գոյքերը դիտել որպէս ապօրինի եւ ներառել սոյն հայցապահանջի մէջ», յայտնած է դատախազ Գէորգ Քոչարեանը:

Ըստ իրաւապահներուն՝ Սեդրակ Քոչարեանն ու կինը գոյք ունին ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ հեռաւոր Թանզանիայի մէջ։ Բռնագանձման ցանկին մէջ են մայրաքաղաքին մէջ քանի մը տասնեակ գոյք, ինքնաշարժի կայանատեղիներ ամենակեդրոնին՝ Հիւսիսային պողոտային մէջ, քանի մը դրամատուներու մէջ բաժնետոմսեր։

Ըստ Դատախազութեան՝ ԱԿԲԱ դրամատան մէջ անցեալ տասը տարիներու ընթացքին Սեդրակ Քոչարեանը 225 հազար տոլարի աւանդ ունեցած է, որուն մեծ մասին ծագումը անօրինական է, անցած տարիներուն էլ «Ամերիա», «Քոնվըրս» դրամատուներոուն մէջ գնած է մեծ քանակութեամբ բաժնետոմսեր, որոնք եւս անօրինական են:

«Թանզանիայում գրանցուած «Փլէյ Մասթըրզ Կէյմինկ Քորփորէյշըն» ընկերութեան 37,4 տոկոս մասնակցութիւն, 84,3 տոկոս մասնակցութիւն՝ «Թարկեթս Կրուփ» ընկերութիւնում», նշած է դատախազը:

Քիչ չեն նաեւ մասնակցութիւնները յայտնի ընկերութիւններու մասնաբաժիններուն մէջ, օրինակ, ըստ դատախազ Քոչարեանի, «Թոյոթա Երեւան» ընկերութեան մէջ՝ 30 տոկոս:

Ընդհանուր առմամբ, Դատախազութեան գնահատականներով, երկրորդ նախագահն ու իր ընտանիքը պետութեան պէտք է վերադարձնեն 20 անշարժ գոյք Երեւանի մէջ, 2 ինքնաշարժ եւ աւելի քան 54 միլիոն տոլար, եւ 6 միլիոն տոլարի հասնող տոկոսով տուած գումար, արժեթուղթեր։

Հակափտածութեան դատարանին մէջ երկու դատավարութիւն կ’ընթանայ. մէկը՝ Սեդրակ Քոչարեանին, միւսը՝ երկրորդ նախագահին ու ընտանիքի միւս անդամներուն ունեցուածքին վերաբերեալ։ Քոչարեանները չեն մասնակցիր նիստերուն՝ անոնց տեսակէտը կը փոխանցեն փաստաբանները։

Հակափտածութեան դատարանին մէջ այժմ կը քննուի գոյքի բռնագանձման աւելի քան 90 գործ։ Մեղադրեալներու շարքին են նախկին բարձրաստիճան բազմաթիւ պաշտօնեաներ՝ ընդ որում նաեւ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանը, պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեանը, նախկին ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանը, նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանը եւ այլոք։ Յօգուտ Հայաստանի կը պահանջուի բռնագանձել ապօրինի ծագում ունեցող շուրջ 1000 անշարժ եւ 200 շարժական գոյք, 270 իրաւաբանական անձի մասնակցութիւն: Ընդհանուր հայցագինը 1 միլիառ 245 միլիոն տոլար կը կազմէ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment