Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մոսկուան Վճարուած 400 Միլիոն Տոլարի Շրջանակին Մէջ Որեւէ Զէնք Երեւանին Դեռ Չէ Մատակարարած․ Փոխնախարար

Մոսկուան Վճարուած 400 Միլիոն Տոլարի Շրջանակին Մէջ Որեւէ Զէնք Երեւանին Դեռ Չէ Մատակարարած․ Փոխնախարար

by MassisPost

Ռուսական կողմը Հայաստանին վճարուած 400 միլիոն տոլարի շրջանակին մէջ որեւէ զէնք դեռ չէ մատակարարած, խորհրդարանին մէջ լրագրողներու հետ կարճ ճեպազրոյցին, յայտնեց պաշտպանութեան փոխնախարար Հրաչեայ Սարգսեանը։

Ըստ պաշտօնեային՝ զէնքի մատակարարման պայմանագիրը դեռ ուժի մէջ է։

«Ազատութեան» հարցին, թէ հայկական կողմը դեռ ակնկալիք ունի՞ վճարուած գումարին դիմաց զէնք ստանալու, Սարգսեանը պատասխանեց. – «Յոյս միշտ կայ»։

Փոխնախարարը մերժեց մանրամասնութիւններ յայտնել ֆրանսական մատակարարումներէն, ըսաւ պաշտօնական տեղեկատուութիւններուն աւելցնելու ոչինչ ունի։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment