Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Կը Ստանայ 50 Bastion Զրահամեքենայ․ Ֆրանսայի Ծերակոյտը Կոչ Ըրած Է Արագ Արձագանգելու ՀՀ Խնդրանքներուն

Հայաստանը Կը Ստանայ 50 Bastion Զրահամեքենայ․ Ֆրանսայի Ծերակոյտը Կոչ Ըրած Է Արագ Արձագանգելու ՀՀ Խնդրանքներուն

by MassisPost

Ֆրանսայի Ծերակոյտը խորհուրդ տուած է հնարաւորինս արագ ուսումնասիրել CAESAR հրետանային համակարգերու մատակարարումը Հայաստան՝ հաշուի առնելով այս սարքին արդիւնաւէտութիւնը եւ Nexter-ի նոր արտադրական հզօրութիւնները 2024 թուականին։

Ֆրանսայի Ծերակոյտի հաղորդագրութեան համաձայն, Հայաստանը վերջերս Thales-էն երեք GM200 ռատիոտեղորոշիչ կայաններու պատուէր ստորագրած է, եւ քննարկումներ կ՛ընթանան MISTRAL 3 զենիթահրթիռային համակարգերու մատակարարման շուրջ։

Ծերակոյտը նաեւ նշած է, որ ֆրանսական «Arquus» ընկերութեան արտադրած «Bastion» տիպի 24 զրահամեքենայ  արդէն ուղարկուած է Հայաստան, որոնց պէտք է միանան եւս 26 նոյն տիպի մեքենաներ, որոնք հիմա կ’արտադրուին։

«Ֆրանսայի իշխանութիւնները նախաձեռնած են Հայաստանին «պաշտպանական» զէնք մատակարարել։ Պաշտպանական եւ յարձակողական զէնքերու այս տարբերակումը իրականութեան մէջ այնքան ալ գործնական չէ, ինչպէս ցոյց տուաւ Ուքրանիոյ պատերազմը: Չկրկնենք նոյն սխալները եւ չյետաձգենք այն սարքաւորումներու մատակարարումը, որոնք անհրաժեշտ պիտի ըլլային ի սկզբանէ։ Այդ իսկ պատճառով մենք պէտք է գործնական արձագանգենք Հայաստանի իշխանութիւններու բոլոր խնդրանքներուն, յատկապէս՝ կապուած անոնց հրետանիի կարիքին հետ», ըսած են Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ:

Զէնքի մատակարարման վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւնները ձեռք բերուած են 2023 թուականի Հոկտեմբերին Փարիզի մէջ Ֆրանսայի ռազմական գերատեսչութեան ղեկավար Սեպասթիեն Լեքորնիուի եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հանդիպման ժամանակ։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment