Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայ Պաշտօնեաները Այլեւս Չեն Երթար Պրիւքսէլ Եւ Օգնութիւն Աղերսեր, ԵՄ-ն Կու գայ Հայաստան, Կ’առաջարկէ Իր Օգնութիւնը․ Կիրակոսեան

Հայ Պաշտօնեաները Այլեւս Չեն Երթար Պրիւքսէլ Եւ Օգնութիւն Աղերսեր, ԵՄ-ն Կու գայ Հայաստան, Կ’առաջարկէ Իր Օգնութիւնը․ Կիրակոսեան

by MassisPost

Եւրոմիութիւնը աւելի քան երբեւէ շահագրգռուած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու խորացմամբ, «Ազատութեան» հետ զրոյցին ըսաւ Երեւանի մէջ գործող անկախ վերլուծական կեդրոնի՝ Տարածաշրջանային հետազօտութիւններու կեդրոնի տնօրէն Ռիչըրտ Կիրակոսեանը՝ նշելով՝ այն նաեւ կոչուած է ետ մղելու Ռուսաստանը այս տարածաշրջանէն։

«Իմ առաջին դիտարկումս աշխատանքային այցիս ընթացքին նախ Փարիզի մէջ՝ Ֆրանսայի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան ներկայացուցիչներու, ապա Պրիւքսէլի մէջ՝ ԵՄ յանձնաժողովի եւ Եւրոխորհրդարանի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպելէ յետոյ այն էր, որ անոնք աւելի քան երբեւէ շահագրգռուած են Հայաստանի ներգրաւման, Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու խորացման մէջ։ Անոր մէկ մասը Հայաստանի ժողովրդավարական օրինականութեան եւ բարեփոխումներու ճանաչումն է: Այդ նաեւ Ուքրանիոյ մասին է։ Այն նաեւ կոչուած է ետ մղելու Ռուսաստանը այս տարածաշրջանին մէջ: Աւելի հետաքրքրական է, որ երկրորդ դիտարկումս Եւրոմիութեան ներսը Ատրպէյճանի նկատմամբ ունեցած զայրոյթն ու հիասթափութիւնն է։ Այդ բան մըն է, որ մենք պահանջած ենք, բայց չենք ակնկալած։ Վերջապէս այդ ի կատար ածուեցաւ, երբ Ատրպէյճանը չարաշահեց Եւրոմիութեան համբերութիւնը», ըսաւ վերլուծաբանը։

Այն հարցին թէ Եւրոմիութիւնը եւ ՆԱԹՕ-ի երկիրները դժկամութեամբ կը տրամադրէին Հայաստանին ռազմական օգնութիւն՝ ՀԱՊԿ-ին Հայաստանի անդամակցութեան հետ կապուած անվտանգութեան մտահոգութիւններու պատճառով, այժմ ինչ փոխուած է, Կիրակոսեան պատասխաննեց. «Կը կարծեմ՝ այդ նախ 2020 թուականի պատերազմի հետեւանքն է, իսկ յետոյ այն, ինչ տեղի ունեցաւ սեպտեմբերին՝ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու արտաքսումը, ցեղային զտումները։ Սա կ’արտացոլէր եւրոպական մեղքի որոշակի աստիճան, բայց այն նաեւ նախատեսուած է Եւրոմիութեան կողմէ՝ դէմ առնելու վտանգաւոր նախադէպը՝ Ատրպէյճանի կողմէ դիւանագիտութեան նկատմամբ ուժի կիրառման յաղթանակի նախադէպը, մենատիրական Ատրպէյճանի յաղթանակը պայքարող ժողովրդավարութեան նկատմամբ: Այս առումով այն կոչուած է դիմակայելու արեւմտեան արժէքներուն սպառնացող վտանգին: Բայց մենք նաեւ կը տեսնենք, որ սա նաեւ անվտանգութեան աջակցութեան աւելի լայն փաթեթի մէկ մասն է, որ սկսած է դիտորդական առաքելութեան տեղակայելու միջոցով՝ Եւրոպական Միութեան՝ Հայաստանի անվտանգութեան նուիրուածութեան շօշափելի ցուցադրմամբ: Այն, ինչ մենք հիմա կը տեսնենք, այդ մեծ ուշադրութիւն է Հայաստանի պաշտպանական կարողութիւններու ամրապնդման նկատմամբ: Սա նաեւ ի նշան այն բանի, որ Ատրպէյճանը կը հանդիսանայ տարածաշրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան համար ամենալուրջ սպառնալիքը: Եւ վերջապէս այդ միայն ԵՄ-ն չէ: Այդ նաեւ ամերիկեան ռազմական օգնութիւնն է՝ վերապատրաստումն ու կրթութիւնը: Այդ նաեւ Միացեալ Թագաւորութիւնն է: Այժմ, երբ անոնք ԵՄ-էն դուրս են, վերջերս համագործակցութեան համաձայնագիր ստորագրած են նաեւ Հայաստանի հետ»։

«Հայաստանի պարագային այլեւս հայ պաշտօնեաները չեն երթար Պրիւքսէլ եւ օգնութիւն աղերսեր։ Եւրոմիութիւնն է, որ կու գայ Հայաստան, կ’առաջարկէ իր օգնութիւնը, կ’արտայայտէ իր հետաքրքրութիւնը։ Ահա թէ ինչու այս շաբթուան սկիզբը ես հանդիպեցայ Եւրոպական Միութեան փաստահաւաք առաքելութեան հետ, որ գործուղուած էր Երեւան՝ գտնելու ուղիներ՝ աւելի լաւ աջակցելու Հայաստանի պաշտպանական ճկունութեան եւ բարեփոխումներուն», շեշտեց  Ռիչըրտ Կիրակոսեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment