Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Դուք Չունիք Մտահոգութիւն ԼՂ-ի Մասին, Ձեր Մտահոգութիւնը Մէկն Է՝ Իշխանութիւն Եւ Փող. Քլոյեանը՝ Ընդդիմութեան

Դուք Չունիք Մտահոգութիւն ԼՂ-ի Մասին, Ձեր Մտահոգութիւնը Մէկն Է՝ Իշխանութիւն Եւ Փող. Քլոյեանը՝ Ընդդիմութեան

by MassisPost

«Եթէ դուք իրապէս մտահոգ էիք ԼՂ ճակատագրով, պէտք է ընդամէնը մէկ բան անէիք՝ հզօրացնէիք ՀՀ-ն»:

Այս մասին Ազգային Ժողովի Պետական-իրավական հարցերու մշտական յանձնաժողովի հերթական նիստի ժամանակ ըսաւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Անուշ Քլոյեանը՝ դիմելով ընդդիմութեան:

«Ձեր կառավարման տարիներին իրական անկախութեան, ինքնիշխանութեան, ժողովրդավարութեան ամուր հիմքեր դնէիք: Դուք պէտք է հզօր, զարգացած տնտեսութիւն ստեղծէիք, եւ մեր պիւտճէն պէտք է մի քանի անգամ գերազանցէր Ատրպէյճանի պետական պիւտճէից, այլ ոչ թէ մեր ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող բոլոր ռազմավարական կառոյցները, ինչպէս նաեւ հանքերը, ենթակառուցուածքները յանձնէիք ՌԴ-ին», ըսաւ Քլոյեան:

Պատգամաւորը նաեւ նկատեց, որ նախկին իշխանութիւնները պէտք է հզօր բանակ ստեղծէին, եւ մեր բանակի պիւտճէն քանի մը անգամ մեծ ըլլար Ատրպէյճանի ռազմական պիւտճէէն, այլ ոչ թէ, ըստ Քլոյեանի, պահածոյի շիշերը շարէին սահմաններուն եւ երկիր բերէին 1960, 70, 80 թուականներու զէնքեր:

«Դուք պէտք է ժողովրդավարութիւնը բարձր մակարդակի հասցնրիք, երկրում այնպիսի մթնոլորտ ստեղծրիք, որպէսզի մեր 1 միլիոն քաղաքացիները չհեռանային երկրից, այսօր Ատրպէյճանի բնակչութիւնը մեր երկրի բնակչութիւնից մի քանի անգամ մեծ է: Այս ամէնը դուք պէտք է անէիք նաեւ ԼՂ-ում: Դուք պէտք է ծաղկեցնէիք, շէնացնէիք, զարգացնէիք մեր գիւղերն ու քաղաքները, եւ մեր ԼՂ-ի բնակչութիւնը 200 հազարից էլ պիտի աւել լինէր: Եթէ հզօր ՀՀ ունենայինք, ոչ ոք առաւել եւս Ատրպէյճանը մեզ հետ չէր խօսի ուժի, սպառնալիք, շանթաժի, թելադրանքի, պարտադրանքի, պատերազմի լեզուով, այլ ԼՂ բանակցութիւնները կ’ընթանային միմիայն բանակցային սեղանի շուրջ: Եթէ դուք իրապէս մտահոգ էք ԼՂ բնակչութեան եւ ընդհանրապէս ԼՂ հարցով, ընդամէնը պէտք է մի բան անէիք՝ հզօրացնէք ՀՀ-ն, որը Արցախի համար կը դառնար ամուր թիկունք: Դուք չունէք մտահոգութիւն ԼՂ բնակչութեան եւ ԼՂ-ի մասին, ձեր մտահոգութիւնը մէկն է՝ իշխանութիւն եւ փող», շեշտեց Քլոյեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment