Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Հայասաթ-1» Արբանեակին Հետ Յաջողած Են Կապ Հաստատել

«Հայասաթ-1» Արբանեակին Հետ Յաջողած Են Կապ Հաստատել

by MassisPost

Հայաստանի մէջ ստեղծուած առաջին արբանեակի՝ «Հայասաթ-1»-ի հետ յաջողած են կապ հաստատել, յայտնած է «Բազումք»-ը։ Այն արդէն 3 օր է տիեզերքի մէջ է։

«Հայասաթ» խումբը կը տեղեկացնէ, որ արբանեակը աշխատանքային վիճակի մէջ է եւ կը փոխանցէ իր պարբերական ազդանշանները: Աշխատանքները կ’ընթանան նախատեսուած ծրագրով՝ առանց խոչընդոտներու։

Աւելի վաղ յայտնած էինք, որ Դեկտեմբեր 1-ին «Հայասաթ-1» արբանեակը ուղարկուած է տիեզերք SpaceX ընկերութեան «Falcon-9» հրթիռով ԱՄՆ-ի Վանտենպըրկ խարիսխէն։ Հրթիռը տիեզերք արձակուած էր Երեւանի ժամանակով 22։20-ին, մօտ մէկ ժամ յետոյ «Հայասաթ-1» արբանեակը յաջողութեամբ անջատուած էր հրթիռէն ու դուրս եկած էր ուղեծիր։

«Հայասաթ-1» առաջին հայրենական արբանեակի մշակման, ստեղծման եւ ծրագրաւորման բոլոր աշխատանքները կատարուած են Հայաստանի մէջ։ Նախագիծը մեկնարկած է 2022 թուականի Յունուարին։

Արբանեակին հետ երկկողմանի կապը պիտի ապահովուի «Բազումք»-ի տարածքին մէջ գտնուող վերգետնեայ կայանքին միջոցով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment