Խաղաղութեան պայմանագրի 6-րդ տարբերակին շուրջ Հայաստանի առաջարկներուն Ատրպէյճանը դեռ չէ արձագանգած։ Այս մասին, Ազգային Ժողովին մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին ըսաւ ՀՀ արտաքին գործերու փոխնախարար Մնացական Սաֆարեանը։
Նշենք, որ Նոյեմբեր 21-ին ՀՀ ԱԳՆ-ն յայտարարեց, որ Հայաստանը Ատրպէյճանին փոխանցած է խաղաղութեան պայմանագրի իր 6-րդ առաջարկը։
«Ի շարունակութիւն Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրմանը հասնելու համար դիւանագիտական ջանքերն աշխուժացնելու Նոյեմբերի 18-ի յայտարարութեան, հայկական կողմը Ատրպէյճանին է ներկայացրել խաղաղութեան համաձայնագրի իր 6-րդ առաջարկը։ Հայաստանը հաւատարիմ է մնում նախապէս յայտարարուած սկզբունքների հիման վրայ յարաբերութիւնների կարգաւորման վերաբերեալ փաստաթղթի ստորագրմանը», ըսուած է Արտաքին Գործերու Նախարարութեան X-ի էջով կատարուած գրառման մէջ։