Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միրզոյեան Զգուշացուցած Է՝ Պաքուն Ղարաբաղով Չէ Սահմանափակուած Եւ Այժմ Կը ԹիրախաւորԷ Հայաստանի Ամբողջ Տարածքը

Միրզոյեան Զգուշացուցած Է՝ Պաքուն Ղարաբաղով Չէ Սահմանափակուած Եւ Այժմ Կը ԹիրախաւորԷ Հայաստանի Ամբողջ Տարածքը

by MassisPost

Խաղաղութիւն հաստատելու պատրաստակամութեան զուգահեռ, Հայաստանն ու Ատրպէյճանը ԵԱՀԿ նախարարներու համաժողովին փոխադարձ մեղադրանքներ հնչեցուցին: Երեւանը Պաքուն, Պաքուն ա Երեւանը մեղադրեց խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը ձգձգելու եւ իրականութեան մէջ այլ նպատակներ հետապնդելու մէջ։

Քննադատութեան սլաքը ուղղելով նաեւ միջազգային հանրութեան՝ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը իր ելոյթին մէջ ընդգծեց՝ միջազգային կառոյցներու լուռ համաձայնութեամբ Ատրպէյճանը իրականացուց իր վաղեմի նպատակը, ստացաւ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքը առանց հայերու՝ նախ 9 ամիս անմարդկային պաշարման, ապա՝ ռազմական յարձակումէն յետոյ բռնի տեղահանելով Արցախի բնիկ ժողովուրդը։

Միաժամանակ, Արարատ Միրզոյեանը ԵԱՀԿ ամպիոնէն զգուշացուց՝ Պաքուն Ղարաբաղով չէ սահմանափակուած եւ այժմ կը թիրախաւորէ Հայաստանի ամբողջ տարածքը:

«Ատրպէյճանական կողմի պահանջները չեն դադարել. հիմա Հայաստանի Հանրապետութեան ողջ ինքնիշխան տարածքն է դարձել մեր հարեւանի թիրախը։ Զուգորդուած լինելով շարունակական ատելութեամբ, ռազմական հռետորաբանությամբ, ուժի եւ ուժի սպառնալիքի կիրառմամբ, տարբեր միջազգային դերակատարների, այդ թւում՝ ԱՄՆ-ի եւ ԵՄ-ի կողմից կազմակերպուած հանդիպումներին մասնակցելու մերժման հետ՝ սա ի ցոյց է դնում, որ այս երկիրն անկեղծօրէն շահագրգռուած չէ տարածաշրջանում խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատմամբ», յայտնեց Միրզոյեան:

Չնայած տեղի ունեցած մարդասիրական աղէտին, Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը վստահեցուց՝ Երեւանը հաւատարիմ կը մնայ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան նոր դարաշրջանի բացման։ Միրզոյեան միաժամանակ ընդգծեց, որ Հայաստան֊Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ կան նաեւ շարք մը մարդասիրական հարցեր, այդ շարքին Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու ազատ արձակումը, որոնք չեն կրնար անտեսուիլ:

«Բոլոր հայ գերիների եւ պահուող անձանց, այդ թւում՝ Սեպտեմբեր 19-ից յետոյ կալանաւորուածների ազատ արձակումը, անյայտ կորածների ճակատագրերի պարզաբանմանն ուղղուած համագործակցութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղում եւ դրա շրջակայքում հայկական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը կարող է ճանապարհ հարթել դէպի երկարատեւ, արդար եւ արժանապատիւ խաղաղութիւն», ընդգծեց Արարատ Միրզոյեան:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment