Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Եւրոմիութիւնը Կրնայ Առաջարկել Անվտանգային, Ոչ-Ռազմական Աջակցութիւն». Քաղաքագէտ

«Եւրոմիութիւնը Կրնայ Առաջարկել Անվտանգային, Ոչ-Ռազմական Աջակցութիւն». Քաղաքագէտ

by MassisPost

Սքոփյէի մէջ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը Եւրոմիութեան բարձր ներկայացուցիչին հետ հանդիպման ընթացքին քննարկած է Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան օրակարգի ընդլայնման հարցեր։ Պաշտօնական Երեւանի փոխանցմամբ՝ անոնք անդրադարձած են ՀՀ-ԵՄ յաւակնոտ օրակարգի կեանքի կոչման քայլերուն։

Այս հանդիպումը կը յաջորդէ Եւրոմիութենէն Հայաստան յատուկ պատուիրակութեան այցին, որ Երեւանի մէջ 3 օր քննարկեց ԵՄ-ՀՀ կապերու խորացման եւ ամրապնդման ուղղութիւնները։

Եւրոմիութեան փաստահաւաք պատուիրակութեան հետ հանդիպած քաղաքագէտ Ռիչըրտ Կիրակոսեանի խօսքով՝ խումբին այցը պայմանւորուած էր Երեւանի հետ ջերմացող եւ Պաքուի հետ լարուած յարաբերութիւններով։

«Այս ծիրին մէջ Հայաստանը շատ աւելի կարեւոր է, բայց ինչ է յաջորդում՝ արդէն մեծ տնային առաջադրանքն է։ Այժմ Հայաստանի հերթն է ձեւակերպելու կարիքները, շատ յստակ ցանկ կարիքների` Եւրոմիութեան կողմից Հայաստանի բարեփոխուներին աջակցելու վերաբերեալ»,  նշեց Կիրակոսեան։

Ըստ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան հաղորդագրութեան՝ Եւրոպական Միութիւնը յաաւելեալ պիտի ուսումնասիրէ Եւրոպական խաղաղութեան շրջանակի միջոցով Հայաստանի զինուած ուժերուն ոչ-մահաբեր ձեւաչափի աջակցութիւնը, սակայն զինատեսակ բառը հաղորդագրութենէն կը բացակայի։

«Եւրոմիութիւնը կրնայ առաջարկել անվտանգային, ոչ-ռազմական աջակցութիւն։ Անվտանգութեան ոլորտին մէջ ալ արդէն կը տեսնեն ծրագրերու ընդլայնման հնարւրութիւն, ինչպէս դիրտորդական առաքելութեան ընդլայնումն է։ Հայաստանը պաշտպանական ոլորտի բարեփոխումներէն բացի, այլ մեծ կարիքներ եւս ունի անվտանգութեան հարցերու մէջ, այստեղ ալ Եւրոմիութիւնը կրնայ օգտակար ըլլալ։ Միակ խնդիրը Մոսկուայի արձագանգը կրնայ ըլլալ, մտահոգութիւնները Մոսկուայի, ոչ թէ Պաքուի հետ կապուած են։ Արեւմուտքը եւ ԵՄ-ն այլեւս համբերութիւն չունին հանդուրժելու Ատրպէյճանի հռետորաբանութիւնը», ըսաւ քաղաքագէտը։

«Ոչ-մահաբեր ձեւաչափ» ձեւակերպումը, Կիրակոսեանի խօսքով, կը նշանակէ անվտանգային աջակցութիւն՝ պաշտպանական ունակութիւնները զարգացնելու համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment