Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաքուն Դարձած Է Ջղագրգիռ

Պաքուն Դարձած Է Ջղագրգիռ

by MassisPost

Դրժելով Արեւմտեան կեդրոններուն իր տուած խոստումները, Ալիեւ իր զօրքերը ուղարկեց Արցախի  վրայ, աւելի քան 100  հազար ժողովուրդ ենթարկելով բռնի տեղահանութեան: Ատրպէյճանի այս վարքագիծը աննկատ չմնաց Եւրոպական մայրաքաղաքներու եւ Ուաշինկթընի մէջ, որոնք ամբողջութեամբ կորսնցուցին իրենց վստահութիւնը  Պաքուի նկատմամբ:

Իրադարձութիւնները բաւականին արաք զարգանալով Եւրոպական Միութիւնը, Եւրոպական Յանձնաժողովը եւ Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտութիւնը խորհրդակցութիւններ ունենալով սկսան համադրուած աշխատանքի` կանխելու համար որեւէ ոտնձգութիւն Հայաստանի սահմաններէն ներս: Պաքուին հասցէագրուած զգուշացումներուն անմիջապէս յաջորդեց Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ կնքուած ռազմական գետնի վրայ համագործակցութեան համաձայնութեան ստորագրումը: Շատ չանցած զէնքերու առաջին տեսականիները հասան Հայաստան:  Ամերիկայի Ծերակոյտը միաձայն ընդունեց Հայաստանի անվտանգութեան ապահովման միտուած արձանագրութիւն. որ երկու տարի ժամկէտով կ’առաջարկէ  ԱՄՆ նախագահին կասեցնել 1992 թուականին ընդունուած յայտնի` «Ազատութեան աջակցութեան արձանագրութեան» 907 ենթաբաժինը շրջանցելու իրաւունքի կիրառումը, որ, փաստօրէն, կը կատարուէր Ատրպէյճանին ամերիկեան ռազմական օգնութիւն տրամադրելու համար: Աւելին, սահմանափակում հաստատուեցաւ Ատրպէյճանցի դիւանագէտներու Միացեալ Նահանգներ այցելութեան կապակցութեամբ:

Անակնկալի եկած Պաքուն կը փորձէ կոշտ վերաբերմունք ցուցաբերել բոլորի նկատմամբ` նախ մեղադրելով Արեւմտեան երկիրները կողմնակալ վերաբերմունք ցուցաբերելու համար ու ապա կը  մերժէ մասնակցիլ Պրուքսելեան եւ Ուոշինկթընեան հարթակներով Հայաստանի հետ հանդիպումներուն: Փոխարէնը ան կ’առաջարկէ երկկողմանի բանակցութիւններ սկսիլ, որոնք  նպաստաւոր են միայն Ատրպէյճանական կողմին համար: Երեւան լաւ գիտէ որ, կարելի չէ ապաւինիլ Պաքուի հետ որեւէ համաձայնութեան` առանց միջազգային գործնական երաշխիքներու:

Շաբաթասկիզբին հաղորդուեցաւ որ, ԱՄՆ պետական Քարտուղար Էնթընի Պլինքըն առանձին-առանձին հեռախօսազրոյցներ ունեցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ` կարեւորելով  խաղաղութեան հաստատման քայլերը: Այս նոյն զրոյցի մասին, ըստ Ատրպէյճանական կողմի  տարածած տեղկատուութեան, Ալիեւ  գանգատած է  ԱՄՆ պետական քարտուղարի օգնական Ջէյմս Օ’Պրայընի  Գոնկրէսի լսումներուն  ընթացքին արտայայտած  «կողմնակալ կարծիքներու» մասին:

Մինչ այդ, Ջէյմս Օ’Պրայըն մէկ նոր յայտարարութեամբ եկաւ զգուշացնելու որ, ոչ խաղաղ ճանապարհով առեւտրային ուղիներու վերաբացման փորձերը պիտի արժանանան ԱՄՆ տրամադրութեան տակ եղած ամբողջ գործիքակազմի կիռարման: Այստեղ խօսքը անշուշտ կը վերաբերի Ատրպէյճանի հոլոված` «Զանգեզուրի միջանցքին»:

Գինովցած իր որոշ յաղթանակներով Պաքուի բռնապետը կը կարծէ թէ Արեւմուտքը բաւարար կամք չունի պատժելու իրեն: Սակայն, այժմ ստեղծուած է աշխարհաքաղաքական նոր իրավիճակ երբ կայ որոշում` տկարացնելու  Ռուսաստանի միահեծան ազդեցութիւնը Հարաւային Կովկասէն ներս, իսկ Պաքուն իր ունեցած ներկայ կարողութիւններով չի կրնար խոչընդոտ հանդիսանալ այդ ճանապարհին: Երբ Եւրոպան ու Ամերիկան որոշեն օգտագործել իրենց «ամբողջ գործիքակազմը», այդ պարագային Պաքուի Ջղագրգիռ պահուածքը պիտի արժանանայ հակազդեցութեան, որուն հետ Պէտք է հաշուի նստին Ալիեւները:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱն

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment