Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սքոփյէի Մէջ Հանդիպած Են Հայաստանի Եւ Ռուսաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարները

Սքոփյէի Մէջ Հանդիպած Են Հայաստանի Եւ Ռուսաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարները

by MassisPost

Հիւսիսային Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոփյէի մէջ ընթացող ԵԱՀԿ նախարարական հաւաքի շրջանակներուն մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի եւ Սերկէյ Լաւրովի հանդիպումը։

Բանակցութիւնները պատկերող լուսանկարը Թելեկրամի իր ալիքով հրապարակած է Ռուսաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։

Ռուսական «Ինթերֆաքս» գործակալութեան փոխանցմամբ` հանդիպումը ընթացած է դռնփակ կարգով։

ՀՀ ԱԳՆ-ն ավելի ուշ հաղորդեց, որ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը ռուսական կողմին եւս մէկ անգամ ներկայացուցած է հայկական կողմին դիրքորոշումները երկկողմ եւ տարածաշրջանային օրակարգերու շուրջ Ռուսիոյ քաղաքականութեան եւ իրականացուցած քայլերուն վերաբերեալ:

Ռուսական արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան հաղորդմամբ՝ Սերկէյ Լաւրով հաստատած է ռուսական կողմին պատրաստակամութիւնը՝ նպաստելու հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման՝ հիմնուած Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն միջեւ 2020-2022 թուականներու համար նախատեսուած շարք մը եռակողմ համաձայնագրերու վրայ, ներառեալ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքումը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment