Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Սամուէլ Շահրամանեանը ԱԺ Քննիչ Յանձնաժողովին Մէջ Կարեւոր Բացայայտումներ Ըրած Է. Անդրանիկ Քոչարեան

Սամուէլ Շահրամանեանը ԱԺ Քննիչ Յանձնաժողովին Մէջ Կարեւոր Բացայայտումներ Ըրած Է. Անդրանիկ Քոչարեան

by MassisPost

«Հիմա շատ լաւ հասկացայ, թէ ինչու էր «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեանը ուզում, որ այս իրողութիւնը՝ Սամուէլ Շահրամանեանի՝ ԱԺ Քննիչ Յանձնաժողով ներկայանալը, չդառնայ իրողութիւն»։   Ազգային Ժողովին մէջ տեղի ունեցած 44-օրեայ պատերազմին հանգամանքները ուսումնասիրող Քննիչ Յանձնաժողովի նիստէն յետոյ այս մասին յայտնեց յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեանը։

Յիշեցնենք, որ յանձնաժողով հրաւիրուած էր Սամուէլ Շահրամանեանը, որ նախքան 44-օրեայ պատերազմը (մինչեւ 2020թ. Մայիս) զբաղեցուցած է Արցախի ԱԱԾ տնօրէնի պաշտօնը, եղած է նաեւ Արցախի ԱԱԽ քարտուղար։

«Շաբաթներ շարունակ խօսում էին այն մասին, որ Քննիչ Յանձնաժողովի ժամկէտը սպառուել է-չի սպառուել… ոչ թէ խօսում էին յանձնաժողովի որակեալ զեկոյց ունենալու մասին։ Ինձ համար բացայայտուել են իրողութիւններ, որ որեւէ այլ հարթակում ոեւէ մէկը յայտնելու իրաւասութիւն չէր ստանալու։ Եւ հիմա կարող ենք ասել, որ Քննիչ Յանձնաժողովը օժտուած է նաեւ սահմանադրական լիազօրութիւններով, ինքը ճիշդ որոշում է, որը հնարաւորութիւն է տալիս նման կարգի հարթակը օգտագործել եւ հասնել քաղաքական որոշակի իրողութիւններ արձանագրելուն», նշեց Քոչարեան։’

Հարցումին, թէ ի՞նչ ցնցող բացայայտումներ ըրած է Շահրամանեան, եւ հաստատապէս ո՞ր շրջանին վերաբերող՝ Քոչարեան պատասխանեց. «Յետպատերազմեան իրողութիւնների, քանի որ 44-օրեայ պատերազմը միայն այդ հատուածը չէ, պատերազմից յետոյ կան իրողութիւններ, որոնք առնչւում են 44-օրեայ պատերազմին, նաեւ այն իրողութիւններին, որոնց ականատես եղանք Արցախի հայաթափման ժամանակ»։

Քոչարեան նշեց նաեւ, որ յանձնաժողովի նիստին ժամանակ, բնականաբար, հարցումներ հնչած են նաեւ այս տարուան Սեպտեմբեր 19-ին տեղի ունեցած ատրպէյճանական ռազմական յարձակման ու անոր յաջորդած զարգացումներուն մասին։ Հարցումին՝ արդեօք  բաւարարուա՞ծ էք Շահրամանեանի տուած պատասխաններէն, յանձնաժողովի նախագահը արձագանգեց. «Եթէ մենք աւարտել ենք մեր աշխատանքը այս երեք ժամուայ ընթացքում, նշանակում է՝ սպառել ենք այն հարցաշարը, որի վրայ բաւական տեւական ժամանակ աշխատել ենք»։

Քոչարեան ընդգծեց նաեւ, որ Շահրամանեան ծայր աստիճան անկեղծ էր, ինչպէս նախորդիւ յանձնաժողով եկած մնացեալ բոլոր հրաւիրեալները։

Ինչպէս տեղեկացուց Անդրանիկ Քոչարեանը, Դեկտեմբեր 3-ին պիտի աւարտի յանձնաժողովի լիազօրութիւններուն ժամկէտը, եւ, բնականաբար, յանձնաժողովը այլեւս ոչ մէկուն իրաւասու չ’ըլար կանչելու յանձնաժողով, փաստաթուղթեր ստանալու։ «Էն, ինչ որ արեցինք, արեցինք, հիմա դրա վրայ, որը հսկայածաւալ աշխատանք է՝ տեսագրութիւններ, ձայնագրութիւններ, փաստաթղթեր, նիւթեր, դրանք վերլուծելու համար աննկարագրելի մեծ ծաւալի աշխատանք է սպասւում», նկատեց յանձնաժողովի նախագահը՝ միաժամանակ նշելով, որ յանձնաժողովին առաքելութիւնը ոեւէ մէկուն մեղաւորութիւնը արձանագրելը չէ, այլ՝ փաստագրական աշխատանք կատարելը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment