Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Երեւանը Պիտի Դիտարկէ ՀԱՊԿ Նստաշրջանի Արդիւնքներով Ընդունուած Փաստաթուղթերուն Հայաստանի Միանալու Հարցը․ ՀՀ ԱԳՆ

Երեւանը Պիտի Դիտարկէ ՀԱՊԿ Նստաշրջանի Արդիւնքներով Ընդունուած Փաստաթուղթերուն Հայաստանի Միանալու Հարցը․ ՀՀ ԱԳՆ

by MassisPost

Երեւանը պիտի դիտարկէ ՀԱՊԿ նստաշրջանի արդիւնքներով ընդունուած փաստաթուղթերուն Հայաստանի միանալու հարցը, յայտնած է Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան խօսնակ Անի Բադալեանը:

«Մենք կդիտարկենք ՀԱՊԿ կանոնադրական մարմինների՝ ԱԳՆԽ, ՊՆԽ եւ ԱԽՔԿ նիստի եւ ՀԱՊԿ ՀԱԽ նստաշրջանի արդիւնքներով ընդունուած փաստաթղթերը եւ, հաշուի առնելով ՀԱՊԿ շրջանակներում առկայ ընթացակարգերը, դրանց՝ ՀՀ կողմից միանալու հարցը», ըսած է Բադալեանը։

Նախօրէին Մինսքի մէջ կայացած է ՀԱՊԿ երկիրներու ղեկավարներ հաւաքը։ Երեւանի ու դաշինքին լարուած յարաբերութիւններու լոյսին տակ ՀԱՊԿ երկօրեայ գագաթաժողովին Հայաստանէն ոեւէ պաշտօնեայ չէ մասնակցած։

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աւելի վաղ ՀԱՊԿ-ը մեղադրած է 2021 թուականի Մայիսին եւ 2022 թուականի Սեպտեմբերին Պաքուի հետ բախումներու ժամանակ Երեւանին օգնութիւն չցուցաբերելու համար։

Երեւանը ՀԱՊԿ-էն խնդրած է օրակարգէն հանել երկրին օգնութիւն ցոյց տալու հարցը, իսկ Փաշինեանը, Պելառուսիոյ ղեկավար Ալեքսանտր Լուքաշենքոյին տեղեկացուցած էր, որ պիտի չմեկնի Մինսք։

Պելառուսիոյ արտաքին գործերու նախարարը տեղեկացուցած է, որ Մինսքի գագաթաժողովէն յետոյ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը պիտի այցելէ Երեւան եւ հայկական կողմին պիտի փոխանցէ բոլոր որոշումները, որոնք վերջնական տեսքի բերուած են:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment