Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեան Եւ Ապտ Ալ-Լաթիֆ Ժամալ Ռաշիտ Քննարկած Են Հայ-Իրաքեան Համագործակցութեան Հետագայ Զարգացման Վերաբերող Հարցեր

Նիկոլ Փաշինեան Եւ Ապտ Ալ-Լաթիֆ Ժամալ Ռաշիտ Քննարկած Են Հայ-Իրաքեան Համագործակցութեան Հետագայ Զարգացման Վերաբերող Հարցեր

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հիւրընկալած է պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած Իրաքի Հանրապետութեան նախագահ Ապտ Ալ-Լաթիֆ Ժամալ Ռաշիտի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Վարչապետ Փաշինեան ողջոյնի խօսքին մէջ նշած է. «Մեծարգոյ պարոն նախագահ, ուրախ եմ ողջունել Ձեզ եւ Ձեր գլխաւորած պատուիրակութեանը Հայաստանի Հանրապետութիւնում: Ձեր այցը նշանակալից եւ ըստ էութեան պատմական է, որովհետեւ Իրաքի առաջին նախագահն էք, որ այց էք ունենում Հայաստանի Հանրապետութիւն:

«Մեր երկրների միջեւ հարուստ մշակութային եւ պատմական կապեր կան, եւ պիտի ուրախութեամբ արձանագրեմ, որ նաեւ տնտեսական կապերի որոշակի աշխուժութիւն է նկատւում: Յոյս ունեմ Ձեր այցի ընթացքում տնտեսական համագործակցութիւնն աւելի կը խորանայ: Ի հարկէ, հիմա նաեւ աշխարհում եւ տարածաշրջանում բաւականին բարդ իրավիճակ է, եւ ուրախ կը լինեմ Ձեր գնահատականները լսել ընդհանուր իրավիճակի եւ լուծումների վերաբերեալ:

«Մեծարգոյ պարոն նախագահ, թոյլ տուէք եւս մէկ անգամ ողջունել Ձեզ Հայաստանի Հանրապետութիւնում եւ յոյս յայտնել, որ մեր երկրների բարձրաստիճան պաշտօնեաների միջեւ փոխադարձ այցերն աւելի յաճախակի կը դառնան Ձեր այս պատմական այցի արդիւնքներով»:

Իրաքի Հանրապետութեան նախագահը իր հերթին նշած է. «Մեծարգոյ պարոն վարչապետ, թոյլ տուէք շնորհակալութիւն յայտնել Ձեզ եւ շնորհակալութիւն յայտնել իմ գլխաւորած պատուիրակութիւնը Ձեր երկրին մէջ ընդունելու համար: Մենք երէկ ժամանած ենք եւ անցուցած ժամանակը եղած է արդիւնաւէտ եւ հետաքրքրական:

Նախագահին հետ հանդիպման ընթացքին քննարկած ենք երկու երկիրներու յարաբերութիւնները տարբեր ոլորտներու մէջ, ինչպէս նաեւ խօսած ենք Իրաքի մէջ այժմ առկայ իրավիճակին վերաբերեալ, անդրադարձած երկկողմ համագործակցութեան քաղաքական, տնտեսական, առեւտրաշրջանառութեան ոլորտներուն մէջ: Յոյս կը յայտնենք, որ այն աւելի կ’ամրապնդուի:

«Կը փափաքիմ նաեւ իմ զօրակցութիւնս յայտնել հայ ազգին` տեղի ունեցած արհաւիրքի` Հայոց ցեղասպանութեան առնչութեամբ: Անձամբ ներկայ գտնուած եմ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումներուն: Կարեւոր կը համարեմ ընդգծել Իրաքի հայ համայնքին դերը, որուն առկայութիւնը մեր երկրին մէջ կու գայ հնագոյն ժամանակներէ, խօսքը մօտ 10 հազար տարուայ մասին է: Իրաքի ժողովուրդը մեծ օգուտներ քաղած է հայ բնակչութենէն, որոնց շարքին են` բժիշկներ, գիտնականներ, տարբեր ոլորտներու մասնագէտներ»:

ՀՀ վարչապետը եւ Իրաքի նախագահը քննարկած են տնտեսութեան, առեւտրաշրջանառութեան, բարձր արհեստագիտութիւններու, ուժանիւթի, ջրային պաշարներու, զբօսաշրջութեան ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Անդրադարձ կատարուած է տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերող հարցերու:

Վարչապետ Փաշինեան ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ ցեղային զտման քաղաքականութեան հետեւանքով 100 հազարէ աւելի բռնի տեղահանուած անձերու մարդասիրական խնդիրներն ու անոնց յաղթահարման ուղղութեամբ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ իրականացուող քայլերը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment