Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գոհաբանութեան Տօնին Նշանակութիւնը

Գոհաբանութեան Տօնին Նշանակութիւնը

by MassisPost

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

Ամէն տարի, Նոյեմբեր ամսուան չորրորդ Հինգշաբթին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները Գոհաբանութեան Օրը կը տօնէ մեծ շուքով:

Պատմականօրէն, Ամերիկայի Գոհաբանութեան Օրուան ծագումը ետեւ կ’երթայ մինչեւ 1621 թուականը երբ Անգլիոյ կրօնական հալածանքներէն փախչող Պանդուխտ Հայրեր-ը կը հաստատուէին Ամերիկայի Մեսեչուսէց նահանքի Փլիմըթ Գիւղաքաղաքին մէջ:

Սոսկալի ձմեռ մը բոլորելէ ետք, երբ 1621 ամառը հասաւ՝ յուսոյ ծիածանը պարուրեց անոնց հոգիները:  Նոր հունձքը ցնծութեան առիթ մըն էր: Կառավարիչ Ուիլիմ Պրէտֆորտ հրահանգեց, որ Պանդուխտ Հայրեր՝ երեք օր ցնծութեան եւ առ Աստուած երախտագիտութեան խրախճանքով մը ողջունէին իրենց առաջին հունձքը՝ իրենց նոր երկրին մէջ:  Բայց Ամերիկայի առաջին Գոհաբանութեան տօնը պաշտօնապէս հռչակուեցաւ Կառավարիչ Պրէտֆորտի կողմէ, Յուլիս 30, 1623 թուականին: Այդ թուականին նախորդող օրերը, այդ փոքր համայնքի այր մարդիկ իրենց որսացած վայրի սագերն ու բադերը բերին, իրենց դրացի հնդիկները իրենց հնդկահաւերը նուիրեցին, կիներն ու իրենց զաւակները այդ որսերէն համադամ ճաշեր պատրաստելով՝ սքանչելի տօնախմբութեան եւ խրախճանքի օր մը ունեցան:

Պանդուխտ Հայրեր-ու համար այդ օրը կերուխումի եւ խրախճանքի օր մը ըլլալէն աւելի գոհաբանութեան եւ առ Աստուած շնորհակալութեան առիթ մըն էր: Ա’յս էր սկզբնաւորութիւնը Ամերիկայի Գոհաբանութեան Տօնին:

Այնուհետեւ, երբ ամերիկայի Միացեալ Նահանգները ազատ եւ անկախ պետականութիւն դարձաւ, Հանրապետութեան առաջին Նախագահ ՃորՃ Ուաշինկթըն Նոյեմբեր 26, 1789-ը հռչակեց որպէս Երախտագիտութեան օր՝ ի յիշատակ Պանդուխտ Հայրեր-ուն, որ այդ թուկանէն շուրջ 166 տարի առաջ տօնած էին առաջին Գոհաբանութեան Օր-ը: Այդ թուականէն մինչեւ 1850-ական տարիներուն Գոհաբանութեան Օր-ը թէեւ կարգ մը նահանգներու մէջ կը տօնուէր, բայց ազգային տօն մը չէր:

Գոհաբանութեան Օր-ը Ամերիկայի ազգային պաշտօնական տօն դարձաւ 1863 թուականին՝ երբ այդ տարիներու երկրին մեծանուն նախագահ Աբրահամ Լինքըն՝ Նոյեմբերի վերջին Հինգշաբթի օրը հռչակեց որպէս երախտագիտութեան տօն: Ատկէ ետք, 75 տարիներ շարունակ բովանդակ Ամերիկայի քաղաքացիները այդ տօնը տօնեցին մինչեւ 1939-ին երբ նախագահ Ֆրանքլին Ռուզվէլթ՝ Գոհաբանութեան Օր-ուան թուականը փոխեց Նոյեմբերի չորրորդ Հինգշաբթիին եւ 1941-ին Ամերիկայի Գոնկրէսը վաւերացուց նախագահ Ռուզվէլթի որոշումը: Այնուհետեւ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները Նոյեմբերի չորրորդ Հինգշաբթին կը տօնեն Գոհաբանութեան Օրը, որ անտարակոյս Ամերիկայի ամենէն ժողովրդական տօնն է:

 

Դժբախտաբար, սակայն, շատ մը ամերիկացիներու համար Գոհաբանութեան Օր-ը սոսկ ընտանեկան համախմբումի եւ կերուխումի օր մըն է: Շատեր մոռցած են այս տօնին ծագումը, պատմական նշանակութիւնը եւ բարոյական իմաստը: Ուրիշներ չեն գիտեր թէ’ ի՞նչ կը նշանակէ գոհաբանութիւնը կամ երախտագիտութիւնը, թէ’ երբ եւ ինչպէս մէկը իր շնորհակալութիւնը յայտնելու է: Ահաւասիկ քանի մը նշմարներ այդ մասին.-

Առաջին, Գոհաբանութեան Օրը իր ծագումով եւ իր ոգիով կրօնական օր մըն է: Պանդուխտ Հայրեր-ը ծնունդ տուին այս տօնին իրենց սրտի երախտիքը յայտնելու Աստուծոյ՝ Անոր նախախնամական առաջնորդութեան համար: Անոնք իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին Աստուծոյ, որ սաստիկ ձմեռ մը անցնելէ ետք՝ իրենց բարեբեր հունձք մը տուած էր եւ հնարաւոր դարձուցած էր իրենց կեանքը օտար այս ափերուն՝ հեռու իրենց հայրենիքէն եւ ազգակիցներէն: Պանդուխտ Հայրեր-ը գոհաբանութեան արարքով կը վկայէին իրենց՝ Աստուծմէ կախեալ ըլլալու գիտակցութիւնը, թէ’ ամէն ի’նչ որ ունէին նոյնիսկ իրենց համեստ տնտեսական պայմաններու մէջ, ի’նչ որ էին եւ ինչ որ կը յուսային ըլլալ՝ կը պարտէին միայն ու միայն Տէր Աստուծոյ: Արդեօք ժամանակակից միջին ամերիկացին որչա՞փով գիտակից է իր նախնիքներուն կրօնական եւ հոգեւոր ժառանգութեան: Քանի՞ ամերիկեան քաղաքացի Պանդուխտ Հայրեր-ու ոգեկան զգացումներով կ’ապրի, այսինքն, երախտագէտ է եւ բանիւ ու գործով իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ իր Արարիչին:

Երկրորդ, Գոհաբանութեան Օր-ը առիթ մըն է յիշելու թէ երախտագիտութիւնը կախում չունի կեանքի արտաքին պայմաններէն, այլ ան ներքին առողջ հոգեվիճակի մը արգասիքն է:  Անհատի մը երախտագիտութեան չափանիշը իր վայելած բարիքները չեն, ու իր ունեցած նիւթական շօշափելի հարստութիւնը չէ: Շնորհակալութեան զգացումը պայմանադրական չէ, ան ոչ մէկ ձեւով կախեալ է մէկու մը կեանքի առատ վայելքներուն հետ: Դէպի անցեալ հայեացք մը միայն Ամերիկայի առաջին Գոհաբանութեան Օր-ուան պարագաներուն վրայ բաւական պիտի ըլլայ համոզել, որ Պանդուխտ Հայրեր-ու գոհաբանութիւնը ոչ մէկ աղերս ունէր իրենց ունեցած շօշափելի եւ քանակական հարստութեան կամ բարօրութեան հետ: Անոնք ամէնէն դժխեմ եւ դժնդակ պայմաններու մէջ իսկ երախտապարտ էին իրենց կեանքին եւ ունեցածին համար:

Ժամանակակից միջին ամերիկացիին աշխարհահայացքը բոլորովին հակոտնեայ է Պանդուխտ Հայրեր-րու  կեանքի փիլիսոփայութեան: Ան ունենալու, աւելի ունենալու եւ ամէնէն աւելի ունենալու  իր խոլ արշաւին մէջ՝ մոռցած է նոյնիսկ գոհաբանութեան եւ շնորհակալութեան իմաստն ու կարեւորութիւնը:

Երրորդ. Գոհաբանութեան Օր-ը առիթ մըն է նաեւ զգաստացնելու մեզ թէ’ չարտայայտուած գնահատանքն ու երախտագիտութիւնը ընդունայն են: Ի՞նչ օգուտ եւ արժէք ունին բարեհաճ բայց չարտայայտուած իղձեր, զգացումներ եւ խորհուրդներ…: Զգացումներ եւ գաղափարներ իմաստալի կը դառնան երբ կը վերածուին արտայայտութիւններու եւ հուսկ գործնական տեսանելի եւ շօշափելի արարքներու: Չարտահայտուած երախտագիտութիւնն ալ երախտագիտութիւն չէ:

Առիթով մը Յիսուս տասը բորոտներ բժշկեց: Վստահաբար անոնցմէ ամէն մէկը իր սրտին մէջ գոհունակ էր եւ հաւանաբար ալ երախտագիտութեան զգացումներ կը տածէր, բայց տասը բժշկուած բորոտներէն միայն մէկը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց իր բարեգործ բժիշկ Յիսուսին: Մնացեալ իննը գործնապէս ապերախտ նկատուեցան, փոյթ չէ թէ իրենց սրտերուն մէջ երախտագէտ եղած ըլլային:

Հարց կը ծագի, սակայն, թէ մարդիկ ինչպէ՞ս կրնան իրենց երախտագիտութիւնը գործնապէս արտայայտել:

Դարեր առաջ, Պաղեստինցի Սաղմոսերգուն ինքն ալ այդ հարցումը կը հարցնէր. «ի՞նչ հատուցանեմ Տիրոջը՝ իր ինծի ըրած բարութեան համար» (Սաղմ. 116.12): Ապա, ինքն իր հարցումին պատասխանը կու տար երեք արտայայտիչներով – խօսքով, գործով եւ տալով:

Առաջին, իր երախտագիտութիւնը կ’ուզէր արտայայտել խօսքով. «Տիրոջը անունը պիտի կանչեմ»…

Երկրորդ, գործով, «Տիրոջը պիտի ծառայեմ»… Երրորդ. Տալով, «Իմ ուխտերս Տիրոջ պիտի հատուցանեմ»…:

Այս երեք միջոցներով – խօսք, գործ եւ տալով – գործնական եւ ազդեցիկ արտայայտութիւններ են մէկու մը համար իր շնորհակալութիւնը յայտնելու Աստուծոյ, ինչպէս նաեւ մարդոց հանդէպ:

Գոհաբանութեան Օր-ը դիպուկ առիթ մըն է յիշեցնելու մեզի թէ’ մեր երախտագիտութեան առաջին տուրքը տալու ենք արարիչ եւ կենարար Աստուծոյ, ոչ միայն տարուան մէկ օրը, այլ 365 օրերուն, որովհետեւ առանց Անոր մարդ արարածը ոչինչ է: Ան է կեանքին Տէրը եւ Պարգեւիչը՝ ամէն բարիքներուն եւ շնորհքներուն: Ան է, որ Տէր Յիսուս Քրիստոսով մեզի տուած է կեանք եւ առաւել կեանք:

Գոհաբանութեան Օր-ը նաեւ առիթ մըն է յիշեցնելու թէ’ մենք նաեւ երախտագէտ ըլլալու ենք մարդոց, որոնք իրենց կեանքով եւ իրենց մատուցած ծառայութիւններով ճոխացուցած եւ հարստացուցած են մեր կեանքը: Պահ մը եթէ նայինք այն բոլոր բարիքներուն – նիւթական, մտաւոր, մշակութային, բարոյական եւ հոգեւոր օրհնութիւններուն – պիտի անդրադառնանք, որ անոնք մեր ձեռագործը չեն, եւ ոչ ալ արգասիքը մեր մտաւոր եւ հոգեւոր երկունքներուն, այլ անոնք նուաճումներն ու ծառայութիւններն են մեզմէ առաջ ապրող եւ մեզի ժամանակակից մարդոց, որոնց հանդէպ երախտապարտ ըլլալու ենք միշտ եւ ամէն ատեն:

Գոհաբանութեան Օր-ը նաեւ առիթ մըն է մեզի յիշեցնելու թէ’ ի տես մեր վայելած անթիւ եւ անհամար օրհնութիւններուն՝ մենք ալ մեր հերթին կրնանք փոքր կամ մեծ ծառայութիւններ մատուցանելով՝ մեր երախտագիտութիւնը յայտնել թէ’ Աստուծոյ եւ թէ’ մարդոց:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment