Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԿԽՄԿ Ներկայացուցիչները Տեսակցած Են Ատրպէյճանի Մէջ Պահուող ԼՂ Նախկին Ղեկավարներուն

ԿԽՄԿ Ներկայացուցիչները Տեսակցած Են Ատրպէյճանի Մէջ Պահուող ԼՂ Նախկին Ղեկավարներուն

by MassisPost

Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի ներկայացուցիչները տեսակցած են Ատրպէյճանի մէջ պահուող ԼՂ նախկին ղեկավարներուն։

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու փոխանցմամբ՝ Ատրպէյճանի մէջ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի ներկայացուցչութեան ղեկավար Տրականա Քոիչ նշած է, որ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի աշխատակիցները պարբերաբար կ’այցելեն Ատրպէյճանի կողմէ կալանաւորուած Արցախի նախկին ղեկավարներուն։ Ան նշած է, որ այս այցելութիւններու ընթացքին Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի աշխատակիցները հետաքրքրուած են կալանաւորներու պահման պայմաններուն եւ անոնց նկատմամբ վերաբերմունքին մասին։

«ԿԽՄԿ-ն նաեւ կը ստուգէ, թէ արդեօք պայմաններ ստեղծուա՞ծ են, որպէսզի վերջիններս կարենան կապ հաստատել իրենց ընտանիքներուն հետ։ Երբ մենք, որպէս Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէ, կ’այցելենք անոնց, այս գործունէութեան բերումով բոլոր տեղեկութիւնները, հարցերը կը փոխանցուին եւ կը քննարկուին միայն երկկողմանի գաղտնի ձեւով՝ համապատասխան կառոյցներուն հետ։ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէն այս հարցերը պարբերաբար կը քննարկէ երկու կողմերուն հետ՝ ե՛ւ ատրպէյճանական, ե՛ւ հայկական։ Տեղի այցելութիւնները իրականացուած են Հոկտեմբերի վերջը-Նոյեմբերի սկիզբը», ըսած է ան։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment