Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՌԴ ԱԳՆ. ՀԱՊԿ Միջոցառումներուն Երեւանի Չմասնակցիլը Չի Համապատասխաներ Հայ Ժողովուրդի Շահերուն

ՌԴ ԱԳՆ. ՀԱՊԿ Միջոցառումներուն Երեւանի Չմասնակցիլը Չի Համապատասխաներ Հայ Ժողովուրդի Շահերուն

by MassisPost

Նոյեմբեր 22-23-ին Մինսքի մէջ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) միջոցառումներուն չմասնակցելու Երեւանի որոշումը չի համապատասխաներ հայ ժողովուրդի շահերուն, ճեպազրոյցի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։

«Հայաստանի ղեկավարութեան որոշումը՝ չմասնակցիլ ՀԱՊԿ նիստերուն, ի հարկէ, ցաւալի է, մենք չենք կարծեր, որ այն կը համապատասխանէ հայ ժողովուրդի երկարաժամկէտ շահերուն եւ կը նպաստէ մեզի բարեկամ այդ երկրի անվտանգութեան եւ կայունութեան ամրապնդման», ըսած է Զախարովա:

«Յայտարարութիւնները այն մասին, որ իբր Ռուսաստանէն իր դիմումներուն պատասխան չստանալով Հայաստանը ստիպուած էր այլընտրանք փնտռել, եւ որ Հայաստանը չէ, որ դուրս կու գայ ՀԱՊԿ-էն, այլ՝ ընդհակառակը, ինծի կը թուի, պարզապէս փորձ է պատասխանատուութիւնը ուրիշին վրայ նետելու, մեղաւորներ գտնելու իրենց սխալ հաշուարկներուն համար», նշած է ՌԴ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչը:

Անդրադառնալով «ուղղութիւն չփոխելու» մասին Հայաստանի յայտարարութիւններուն, Զախարովա պնդածլ է, թէ անոնք կը կատարուին «իրական մտադրութիւնները թաքցնելու համար»: «Հասկնալի է, որ խօսքը արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ այդ հանրապետութեան կողմնորոշման արմատական փոփոխութեան մասին է», ըսած է ՌԴ ԱԳՆ ներկայացուցիչը՝ յաւելելով, որ այդ կը կատարուի Արեւմուտքէն յուշումով կամ ցուցումով:

«Միւս կողմէ, անոնք կը փորձեն այդ հնարաւորինս քօղարկել՝ ենթադրելով, որ այդպէս հնարաւոր պիտի ըլլայ պահպանել յատուկ յարաբերութիւններու եւ օգնութեան նախկին մակարդակը: Այդ այնքան ակնյայտ եւ հասկնալի է, որ հնարաւոր չէ թաքցնել տարբեր ձեւակերպումներու եւ բառերո ետին», յայտնած է Մարիա Զախարովան։

Ան միաժամանակ նշած է, որ Հայաստանը մտադիր չէ արգելափակել ՀԱՊԿ մարմիններու աշխատանքը կամ խոչընդոտել արդէն համաձայնեցուած փաստաթուղթերու հաստատումը։ «Սա, ըստ էութեան, Երեւանի համար աշխատանքին միանալու դուռը բաց կը թողնէ, եւ մենք յոյսով ենք, որ հայ դաշնակիցները մօտ ապագային պիտի օգտուին այս հնարաւորութենէն», յաւելած է ՌԴ ԱԳՆ ներկայացուցիչը։

Զախարովա կրկին պնդած է, որ Հայաստանի մէջ տեղակայուած Եւրոմիութեան քաղաքացիական առաքելութիւնը չ’ապահովեր երկրին անվտանգութիւնը, իսկ ՀԱՊԿ ուժերու տեղակայումը հայ-ատրպէյճանական սահմանին պիտի օգնէր ապահովելու Հայաստանի անվտանգութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment