Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ ՊՆ-ն Կը Հերքէ Ուքրանիոյ Հրթիռներ Մատակարարելու Լուրերը

ՀՀ ՊՆ-ն Կը Հերքէ Ուքրանիոյ Հրթիռներ Մատակարարելու Լուրերը

by MassisPost

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը կը հերքէ օտարերկրյայ եւ հայկական շարք մը լրատուամիջոցներու մէջ տարածուած լուրը, թէ Հայաստանը հրթիռներ պիտի մատակարարէ Ուքրանիոյ։ «Արմէնփրես»-ի հարցումին ի պատասխան՝ այս մասին ըսած է ՀՀ ՊՆ մամուլի քարտուղար Արամ Թորոսեանը։

Հարց․ Վերջին օրերուն օտարերկրեայ շարք մը լրատուամիջոցներու մէջ, այդ շարքին՝ ատրպէյճանական, լուրեր կը տարածուին, թէ Հայաստանը հրթիռներ պիտի մատակարարէ Ուքրանիոյ։ Այս լուրը տեղ գտած է նաեւ որոշ հայկական լրատուամիջոցներու մէջ։ Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք։

Պատասխան․ ՊՆ համապատասխան ստորաբաժանումը կը մշտադիտարկէ ոլորտին առնչուող մամուլի հրապարակումները եւ կը մեկնաբանէ կամ անոնց կ’արձագանգէ ըստ անհրաժեշտութեան ու նպատակայարմարութեան: Տուեալ տեղեկութիւնը չի համապատասխաներ իրականութեան, եւ հայաստանեան լրատուամիջոցներու գործընկերներուն կոչ կ’ընենք օտարերկրեայ քարոզչական աղբիւրներու՝ լրատուադաշտ նետած կեղծ թեզերը չշրջանառել։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment