Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երեւանը Պաքուին Փոխանցած Է Խաղաղութեան Պայմանագրի Վերաբերեալ Իր 6-րդ Առաջարկը

Երեւանը Պաքուին Փոխանցած Է Խաղաղութեան Պայմանագրի Վերաբերեալ Իր 6-րդ Առաջարկը

by MassisPost

Հայկական կողմը Պաքուին փոխանցած է խաղաղութեան պայմանագրի վերաբերեալ իր 6-րդ առաջարկը, յայտնած է Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը։

«Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման ուղղուած դիւանագիտական ջանքերու աշխուժացման մասին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Նոյեմբեր 18-ի հրապարակային յայտարարութենէն յետոյ հայկական կողմը ատրպէյճանական կողմին ներկայացուցած է համաձայնագրի իր 6-րդ առաջարկը:  Հայաստանը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ նախապէս յայտարարուած սկզբունքներու հիման վրայ յարաբերութիւններուու կարգաւորման փաստաթղթի կնքման ու ստորագրման», նշուած է Արտաքին Գործերու Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment