Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կարեւոր Է, Որ Հայաստանն Ու Ատրպէյճանը Ուղիղ Քննարկեն Եւ Կարգաւորեն Հարցերը. ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւն

Կարեւոր Է, Որ Հայաստանն Ու Ատրպէյճանը Ուղիղ Քննարկեն Եւ Կարգաւորեն Հարցերը. ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւն

by MassisPost

Ուաշինկթըն պատրաստ է նպաստելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններուն ու կը կարեւորէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ դէմ առ դէմ բանակցութիւնները՝ երկարաժամկէտ համաձայնութեան հասնելու համար։

Այս մասին ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան մէջ կայացած ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է գերատեսչութեան մամլոյ խօսնակ Մեթիու Միլլըր, ով, մասնաւորապէս, ըսած է.

«Մենք կը շարունակենք ներգրաւել երկու երկիրներու ղեկավարութիւնը եւ կ’առաջարկենք նպաստել արժանապատիւ եւ տեւական խաղաղութեան, ուր բոլորին իրաւունքները պէտք է յարգուին։ Կարեւոր է, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանն ուղիղ քննարկեն եւ կարգաւորեն հարցերը՝ ի շահ տարածաշրջանին։ Մենք կ’ողջունենք որեւէ դերակատարում այդ բանակցութիւնները դիւրացնելու համար։ Մենք տեսած ենք, որ այլ երկիրներ եւս առաջարկած են նպաստել այդ բանակցութիւններուն։ Կը կարծենք, որ կարեւոր է, որպէսզի երկու երկիրները դէմ առ դէմ խօսին տեւական համաձայնութեան հասնելու համար», յայտնած է Միլլըր։

Հարցումին, թէ արդեօք պիտի շարունակէ՞ Ուաշինկթըն առաջարկել ԱՄՆ որպէս հարթակ կողմերուն միջեւ բանակցութիւններու համար, խօսնակը արձագանգած է․ «Մենք պատրաստ պիտի ըլլանք նպաստելու այդ բանակցութիւններուն, ինչպէս ըրած ենք նախապէս, եւ կ’ողջունենք, որ այդ կ’ընեն նաեւ այլ երկիրներ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment