Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Սամուէլ Շահրամանեանը Հրաւիրուած Է ԱԺ Քննիչ Յանձնաժողով

Սամուէլ Շահրամանեանը Հրաւիրուած Է ԱԺ Քննիչ Յանձնաժողով

by MassisPost

44-օրեայ պատերազմին հանգամանքները ուսումնասիրող Ազգային Ժողովի Քննիչ Յանձնաժողովը գրաւոր նամակ ուղարկած է Արցախի վերջին նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանին եւ կը սպասէ անոր արձագանգին, «Ազատութեան» փոխանցեց յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեանը։

«Նամակը քիչ առաջ ուղարկել ենք Արցախի ներկայացուցչական շտաբ եւ սպասում ենք նրան Քննիչ Յանձնաժողովում»,- նշեց Քոչարեանը։

Անցեալ շաբաթավերջին Քոչարեանը «Ազատութեան» ըսած էր, որ Շահրամանեանը պիտի հրաւիրեն 44-օրեայ պատերազմին հանգամանքները ուսումնասիրող խորհրդարանական յանձնաժողով՝ պարզաբանելով, որ կը փափաքէին յանձնաժողով հրաւիրել Արցախի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը, նաեւ պատերազմի օրերուն Արցախի պաշտպանութեան բանակը ղեկավարած Ճալալ Յարութիւնեանը, բայց Արցախի նախկին նախագահը Պաքուի բանտն է, իսկ Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատարի պարագային «խոչընդոտը անոր քրէական գործն է»։

Անդրանիկ Քոչարեանը նշեց, որ քննարկած եւ որոշած են Ճալալ Յարութիւնեանի եւ Արայիկ Յարութիւնեանի փոխարէն շարք մը հարցերու պատասխաններ ստանալ Արցախի վերջին նախագահէն:

«Մեր այն հատուածը՝ կապուած պետական դաւաճանութեան, սադրիչների եւ նրանց գոյութեան մասին, նաեւ պատերազմի մինչեւ սկսուելը տեղեկատուութեան հետ կապուած հարցերի պատասխանները մենք, բնականաբար, կ’ուզէինք լսել պարոն Շահրամանեանից», ըսած էր յանձնաժողովի նախագահը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment