Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Եւ Մոլտովայի Մէջ Արձանագրուած Է Ժողովրդավարութեան Մակարդակի Էական Աճ. Սիմա Շահ

Հայաստանի Եւ Մոլտովայի Մէջ Արձանագրուած Է Ժողովրդավարութեան Մակարդակի Էական Աճ. Սիմա Շահ

by MassisPost

Սթոքհոլմի մէջ գործող Ընտրական աջակցութեան եւ ժողովրդավարութեան միջազգային հիմնարկի ժողովրդավարական գործընթացներու գնահատման ղեկավար Սիմա Շահը յայտնած է, որ ժողովրդավարութեան էական աճի նոր կեդրոններ ի յայտ եկած են Եւրոպայի մէջ. եւ այդ առումով կարելի է առանձնացնել Մոլտովան, Հայաստանը եւ Սլովենիան, ուր յառաջընթացն ու զարգացումները կը կրեն աշխոյժ բնոյթ։

Սիմա Շահը նման տեսակէտ յայտնած է   «Եւրոնիւզ»-ին տուած հարցազրոյցին։

Ան նշած է, որ Հայաստանը կը դասուի այն երկիրներու շարքին, որոնց մէջ արձանագրուած է ժողովրդավարութեան մակարդակի էական աճ։

«Մասնաւորապէս խօսքի ազատութեան իրաւունքի կիրարկման տեսանկիւնէն ամբողջ աշխարհի մէջ կը նկատուի անկում, մինչդեռ Հայաստանի, Մոլտովայի եւ Սլովենիոյ մէջ այդ առումով արձանագրուած է զգալի աճ։ Սլովենիոյ մէջ նոյնիսկ տեղի ունեցաւ հանրաքուէ այն բարեփոխումներուն վերաբերեալ, որոնք կը նպաստեն հանրային հեռարձակման անկախութեան, ինչ որ մեծ յաղթանակ է տեղի լրատուամիջոցներուն համար։ Մոլտովայի մէջ ստեղծուած է նոր դատարան, որուն գործունէութեան տիրոյթին բացարձակապէս փտածութեան գործերու քննումն է, եւ որուն աշխատանքը կը նպաստէ այդ երկրին մէջ փտածութեան մակարդակի նուազման», ըսած է Սիմա Շահը։

Անոր կարծիքով՝ պէտք է կեդրոնանալ այն հիմնարկներու գործունէութեան վրայ, որոնք կ’աջակցին ժողովրդավարական գործընթացներուն, առաւել եւս, որ աշխարհի մէջ տեղի կ’ունենան ժողովրդավարական ընտրութիւններ, կը գործեն ազդեցիկ խորհրդարաններ, կ’ապահովուի հասանելիութիւնը արդարադատութեան։ Ըստ անոր՝ պէտք է սեւեռուն ուշադրութիւն դարձնել գործընթացներու թափանցիկութեան եւ օրէնսդրութիւններու հզօրացման, ինչպէս նաեւ այն միջավայրերուն, որոնց մէջ կը կիրարկուին այդ օրէնսդրութիւնները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment