Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Երեւանը Կը Մերժէ Ատրպէյճանցիներու՝ Հայաստան Վերադառնալու Իրաւունքը. Ալիեւը՝ ԵԱՀԿ ԽՎ Նախագահին

Երեւանը Կը Մերժէ Ատրպէյճանցիներու՝ Հայաստան Վերադառնալու Իրաւունքը. Ալիեւը՝ ԵԱՀԿ ԽՎ Նախագահին

by MassisPost

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ընդունած է ԵԱՀԿ Խորհրդարանական Վեհաժողովի (ԽՎ) նախագահ Փիա Քաուման։ Երկրի ղեկավարի պաշտօնական կայքին փոխանցմամբ՝ հանդիպման ընթացքին Իլհամ Ալիեւը եւ Փիա Քաուման միտքեր փոխանակած են Հարաւային Կովկասի մէջ իրավիճակի, այնտեղ տիրող նոր իրողութիւններու եւ ԵԱՀԿ Խորհրդարանական Վեհաժողովի դերակատարութեան շուրջ։

Ատրպէյճանի նախագահին խօսքով՝ ներկայիս տարածաշրջանին մէջ շատ լաւ հնարաւորութիւններ ստեղծուած են խաղաղութեան օրակարգի համար։ Ան ըսած է, որ 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ Ատրպէյճանը հանդէս եկած է խաղաղութեան պայմանագրի նախաձեռնութեամբ եւ անոր հիմքը կազմող սկզբունքներով։

Ալիեւ ընդգծած է, որ Ատրպէյճանը Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան կողմնակից է եւ կ’աջակցի տարածաշրջանային խաղաղութեան օրակարգին, յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման։

Ան նաեւ յայտնած է, որ թէեւ Ատրպէյճանը ներկայսի կը ներկայացնէ համակեցութեան եւ վերադարձի իրաւունքի յստակ ու թափանցիկ ծրագիր, սակայն Երեւանը կը մերժէ ատրպէյճանցիներու՝ Հայաստան վերադառնալու իրաւունքը եւ այդ առնչութեամբ ոչինչ ներկայացուցած է։

Հանդիպման ընթացքին նշուած է, որ ԵԱՀԿ Խորհրդարանական Վեհաժողովը կրնայ արդիւնաւէտ հարթակ դառնալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պատուիրակութիւններուն միջեւ վստահութեան ձեւաւորման համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment