Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի, Յունաստանի Եւ Կիպրոսի Յատուկ Նշանակութեան Ուժերը Համատեղ Զօրավարժութիւններ Կատարած Են

Հայաստանի, Յունաստանի Եւ Կիպրոսի Յատուկ Նշանակութեան Ուժերը Համատեղ Զօրավարժութիւններ Կատարած Են

by MassisPost

Նոյեմբեր 6-10-ին Աթթիքայի Նէա Փերամոս շրջանին մէջ Հայաստանի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի յատուկ նշանակութեան ուժերը եռակողմ համատեղ զօրավարժութիւններ կատարած են:

Այս մասին յայտնած է Յունաստանի Ազգային Պաշտպանութեան գլխաւոր շտաբը:

«Համատեղ վարժանքը, որ կը մտնէ Յունաստանի, Կիպրոսի եւ Հայաստանի միջեւ 2023 թուականի համատեղ գործողութիւններու ծրագրի մէջ, նպաստած է մասնակիցներու միջեւ փոխըմբռնման եւ գիտելիքներու եւ փորձի փոխանակման մակարդակի բարձրացման, ինչպէս նաեւ անոնց գործառնական հնարաւորութիւններու ամրապնդման», ըսուած է գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Զօրավարժութիւններու ընթացքին իրականացուած են արագ արձագանգման ուղիղ կրակահերթեր, կիրառուած են դիպուկահար կրակոցներու, փակ տարածքներու մէջ մարտերու, փոքրածաւալ վարժանքներու ծրագրաւորում եւ անցկացման սարք եւ մարտավարութիւն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment