Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաքու Կը Դատապարտէ «Փարիզի Կողմէ ՀՀ Ռազմասարքի Ուղարկումը», Երեւանը Նման Տեղեկութիւն Չէ Տրամադրած

Պաքու Կը Դատապարտէ «Փարիզի Կողմէ ՀՀ Ռազմասարքի Ուղարկումը», Երեւանը Նման Տեղեկութիւն Չէ Տրամադրած

by MassisPost

Պաքուն «խստօրէն դատապարտած է» Ֆրանսայի կողմէ Հայաստան ռազմական սարքաւորում ուղարկումը, յայտնած է Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարի մամուլի քարտուղար Այխան Հաճիզատէն։

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները նախօրէին գրած էին, թէ Ֆրանսան մեծ քանակութեամբ «Պասթիոն» զրահամեքենաներ եւ անոնց համար նախատեսուած սարքաւորումներ ուղարկած է Հայաստան՝ Վրաստանով։

Հաճիզատէն շեշտած է, որ նշուած զինուորական սարքերու փոխանցումը կը նպաստէ տարածաշրջանին մէջ «Հայաստանի ռազմական ներուժի եւ աւերիչ գործողութիւններու ամրապնդման»։

«Ֆրանսան սխալ շահեր ունի տարածաշրջանին մէջ։ Հայաստանն ու Ֆրանսան պէտք է վերջ տան տարածաշրջանին մէջ սպառազինութեան եւ ռազմականացման քաղաքականութեան, այս երկիրները պէտք է վերջապէս հասկնան, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւնն ու համագործակցութիւնը այլընտրանք չունին», նշած է Հաճիզատէն։

Հոկտեմբերի վերջը Հայաստանն ու Ֆրանսան ռազմական ոլորտին մէջ համագործակցութեան մասին պայմանագրեր ստորագրեցին: Ֆրանսայի զինուած ուժերի նախարար Սեպասթիեն Լըքորնիուի խօսքով՝ Փարիզը Երեւանին պիտի մատակարարէ երեք «GM200» ռատարներ, «Mistral» հրթիռներ: Ըստ պաշտօնեաներունի՝ ֆրանսական կողմը պիտի օգնէ Հայաստանին նաեւ Զինուած ուժերու բարեփոխումներու հարցով, սակայն հայկական կողմը մինչ օրս տեղեկութիւն չէ տրամադրած Հայաստան ֆրանսական զէնքի տեղափոխման մասին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment