Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան Չի Հերքեր Կամ Հաստատեր Հնդկական Հակատրոնային Համակարգեր Ձեռք Բերելու Տեղեկութիւնը

Հայաստան Չի Հերքեր Կամ Հաստատեր Հնդկական Հակատրոնային Համակարգեր Ձեռք Բերելու Տեղեկութիւնը

by MassisPost

Հայկական կողմը ոչ կը հերքէ եւ ոչ ալ կը հաստատէ աւելի քան 41 միլիոն տոլարի հնդկական արտադրութեան հակատրոնային համակարգեր ձեռք բերելու մասին տեղեկութիւնը։

Տելհիի մէջ լոյս տեսնող «The Еurasian Times» պարբերականը նախօրէին տեղեկացուց, որ Pinaka հրթիռային համակարգերէն յետոյ, Երեւանը այս անգամ ալ Zen Technologies ընկերութեան հետ անօդաչու թռչող սարքերու դէմ պայքարող համակարգեր ձեռք բերելու շուրջ պայմանագիր կնքած է` Ատրպէյճանի քամիքազներու դէմ կռուելու համար։

«Պէտք է ասեմ, որ Հնդկաստանի հետ մեր ռազմատեխնիկական համագործակցութիւնը բաւականին ընդլայնուած բնոյթ ունի, բայց թէ ինչ տեխնիկական միջոցներ, ինչ զինատեսակներ, ինչ պաշտպանական կամ ձեր ասած ելեկտրոնային պայքարի միջոցներ ձեռք կը բերուեն ապագայում եւ ինչ պայմանաւորուածութիւններ կան՝ այս պահին չեմ կարող ասել եւ չեմ կարող նաեւ հաստատել հնդկական մամուլի հրապարակումները կամ հերքել», «Ազատութեան» հետ զրոյցին ըսաւ Ազգային Ժողովի Պաշտպանութեան Յանձնաժողովի փոխնախագահ Արմէն Խաչատրեան:

«Zen Technologies-ի հակատրոնային համակարգը իր արդիւնաւէտութիւնը ապացուցած արհեստագիտութիւն է, այն փորձարկուած է Հնդկաստանի օդային ուժերուն կողմէ, եւ այժմ հնդկական բանակը աւելի քան 27 միլիոն տոլարի 20 միաւոր համակարգեր պատուիրած է, որոնց առաքումը տեղի պիտի ունենայ յաջորդ տարուան Մարտին։ Հայաստանի մէջ գիտակցած են, որ եթէ Հնդկաստանի զինուած ուժերը ձեռք կը բերեն այդ համակարգերը, ապա անոնք պէտք է որ լաւը ըլլան», իր աղբիւրներուն յղում ընելով կը գրէ պարբերականը։

Հակատրոնային այս համակարգը, ըստ ընկերութեան, կրնայ յայտնաբերել, դասակարգել անօդաչու թռչող սարքերը՝ խափանելով անոնց կապն ու GPS համակարգերը, ինչի հետեւանքով անօդաչու թռչող սարքերը այլեւս չեն կրնար թռչիլ։

Ընկերութիւնը կ’ընդգծէ, որ եթէ անօդաչուները կը յաջողին շարունակել թռիչքը, այս պարագային ալ «Zen» համակարգը համաժամանակեայ տուեալներ կը փոխանցէ հակաօդային համակարգերուն, որոնք ճշգրտօրէն կրնան խոցել անօդաչուները։

Խորհրդարանի Պաշտպանութեան Յանձնաժողովի փոխնախագահը ընդգծեց՝ հակատրոնային պաշտպանութիւնը շատ կարեւոր ուղղութիւն է։ Այն անընդհատ կը զարգանայ եւ կը փոխուի, ի յայտ կու գան նոր զինատեսակներ, որոնց հակազդման համար անհրաժեշտ են նոր համակարգեր։

«ՀՀ զինուած ուժերը, այո՛, տեւական աշխատանքներ են տանում պաշտպանունակութեան մակարդակի բարձրացման ուղղութեամբ», նշեց Արմէն Խաչատրեանը:
«The Еurasian Times» կը տեղեկացնէ, որ Երեւանի հետ աւելի քան 41 միլիոն տոլարի հակատրոնային համակարգերու պայմանագրէն բացի, Zen ընկերութիւնը նաեւ որոշում կայացուցած է մասնաճիւղ բանալ Հայաստանի մէջ՝ փորձարկելով առեւտրային հնարաւորութիւնները այստեղ, ինչպէս նաեւ իրականացնել վաճառքի, աջակցութեան եւ սպասարկման ապահովում: Հնդկական պարբերականը կը շեշտէ, որ Հայաստանը Հնդկաստանի ռազմավարական գործընկերը դարձած է։

«2022 թուականին, երբ Հնդկաստանը պայմանագիր կնքեց Հայաստանի հետ՝ շուրջ 250 միլիոն ԱՄՆ տոլար արժողութեամբ զինամթերք մատակարարելու, այդ շարքին՝ «Pinaka» հրթիռային կայաններ ձեռք բերելու վերաբերեալ, տպաւորութիւն ստեղծուեցաւ, որ այդկերպ Նիւ Տելհին իր կողմնորոշումը ցոյց կու տայ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան հարցով։ Այդ Հնդկաստանի կողմէ «Pinaka»-ի առաջին արտահանումն էր», կը գրէ պարբերականը՝ ընդգծելով, որ թէեւ Հնդկաստանը հրապարակային չէ հաստատած, որ Հայաստանին մատակարարած է նաեւ «Akash» համակարգեր (Akash SAM system), սակայն Հնդկաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան հովանիին ներքոյ գործող Bharat Dynamics Limited (BDL) ընկերութիւնը տեղեկացուցած է, որ արտահանման պատուէր ստացած է բարեկամ երկրէ մը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment