Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի Հետ Աշխատանքային Այցով Մեկնեցաւ Ֆրանսա

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի Հետ Աշխատանքային Այցով Մեկնեցաւ Ֆրանսա

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի հետ աշխատանքային այցով մեկնած է Ֆրանսայի Հանրապետութիւն:

Նախատեսուած է վարչապետ Փաշինեանի հանդիպումը Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ:

ՀՀ վարչապետը Նոյեմբեր 10-11-ին Փարիզի մէջ պիտի մասնակցի «Խաղաղութեան 6-րդ համաժողով»-ին:

Համաժողովի բանախօսները պիտի ըլլան` Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը, Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլը, Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Լուիզ Մուշիքիվապօն, Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօն, Փարիզի «Խաղաղութեան համաժողովի» նախագահ Անխել Կուրիան եւ շարք մը այլ պետութիւններու, միջազգային կազմակերպութիւններու, հասարակական կազմակերպութիւններու ղեկավարներ եւ ներկայացուցիչներ։

Բանախօսներու շարքին ընդգրկուած է նաեւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment