Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան Պատկանող «Կովերու Պարտէզ» Անունով Յայտնի Կալուածի Շուրջ Կիրքերը Բորբոքած Են

Երուսաղէմի Պատրիարքութեան Պատկանող «Կովերու Պարտէզ» Անունով Յայտնի Կալուածի Շուրջ Կիրքերը Բորբոքած Են

by MassisPost

Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Աղան Գոգչյեանը տեղեկացուցած է, որ Երուսաղէմի պատրիարքութեան պատկանող «Կովերու պարտէզ» անունով յայտնի կալուածի վարձակալութիւնը չեղարկելու նամակէն յետոյ երկրորդ կողմը նամակին պատասխան տալու փոխարէն սկսած է կալուածի պարիսպը եւ կայանատեղերը քանդել, ասֆալթը հեռացնել՝ սպառնալով շատ աւելի մեծ վնաս պատճառել:

Աւելի վաղ ներկայացուցած էինք, որ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Աղան Գոգչյեան հաղորդագրութիւնը, որուն համաձայն՝ վերջինս գրած էր. «երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը սոյնով կը տեղեկացնէ, որ նամակ ուղարկած է Xana Gardens Ltd-ին՝ տեղեկացնելով, որ չեղարկած է Երուսաղէմի Հին Քաղաքի Հայկական Թաղամասի «Կովերու պարտէզ» կալուածի վերաբերեալ 2021 թուականի Յուլիս 8-ին ստորագրուած համաձայնագիրը»։

Գոգչեանը նոր հաղորդագրութեամբ տեղեկացուցած է, որ երկրորդ կողմը նոյնիսկ զէնքով զինուած անվտանգութեան աշխատակիցներ եւ վարժեցուցած շուներ բերած է կալուած՝ պահանջելով ազատել հայկական ներկայութիւնը։ Ի պատասխան այդ պահանջին՝ Երուսաղէմի Հայ Պատրիարքը, Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան անդամները եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչները հաւաքուած էին այնտեղ՝ խաղաղ կերպով իրենց դժգոհութիւնն ու անհամաձայնութիւնը յայտնելու այդ առթիւ:

«Քանի մը ժամ անց կողմերը պայմանաւորած են հեռանալ կալուածէն եւ ոչինչ չձեռնակել այնքան ժամանակ, մինչեւ Պատրիարքութիւնը ստանայ համաձայնագիրը չեղարկելու իր նամակին պատասխանը», գրած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment