Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Փաշինեան Ընդունած Է ԵԽԽՎ Դիտորդական Յանձնաժողովի Հայաստանի Հարցերով Համազեկուցողները

Փաշինեան Ընդունած Է ԵԽԽՎ Դիտորդական Յանձնաժողովի Հայաստանի Հարցերով Համազեկուցողները

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Դիտորդական Յանձնաժողովի Հայաստանի հարցերով համազեկուցողներ Քիմօ Քիլիւնենը եւ Պորիանա Ապերկը:

Վարչապետը ողջունած է համազեկուցողներուն այցը Հայաստան եւ կարեւորած է ՀՀ կառավարութեան ու Եւրոպայի Խորհուրդի սերտ համագործակցութիւնը, մասնաւորապէս, ժողովրդավարական բարեփոխումներու արդիւնաւէտ յառաջմղման եւ այլ ուղղութիւններով: Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ ժողովրդավարութեան զարգացումն ու բարեփոխումներու օրակարգը ՀՀ կառավարութեան ռազմավարութիւնն է եւ հետեւողական աշխատանքները այդ ուղղութեամբ պիտի կրեն շարունակական բնոյթ: Վարչապետը ներկայացուցած է ՀՀ կառավարութեան կողմէ հակափտածութեան քաղաքականութեան շրջանակներուն մէջ իրականացուած եւ նախատեսուող քայլերը: Վարչապետը վստահութիւն յայտնած է, որ բարեփոխումները նպաստած են նաեւ Հայաստանի մէջ տնտեսութեան ոլորտին մէջ ազատ մրցակցային միջավայրի ձեւաւորման եւ արձանագրուող տնտեսական աճին:

Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ ցեղային զտման քաղաքականութեան հետեւանքով 100 հազարէ աւելի ԼՂ մեր հայրենակիցներու բռնի տեղահանութեան ու ստեղծուած մարդասիրական իրավիճակին, անոր յաղթահարման ուղղութեամբ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ իրականացուող քայլերուն: Կարեւորուած է միջազգային հանրութեան օժանդակութիւնը առկայ խնդիրներու լուծման գործին մէջ: Վարչապետը ընդգծած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայութեան իրաւունքներու վերաբերեալ ԵԽԽՎ-ի մէջ ընդունուած բանաձեւերուն կարեւորութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment