Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Լեւոն Քոչարեանը Պատգամաւորական Մանտաթ Ստացաւ ԿԸՅ-էն

Լեւոն Քոչարեանը Պատգամաւորական Մանտաթ Ստացաւ ԿԸՅ-էն

by MassisPost

Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովին որոշմամբ՝ Լեւոն Քոչարեանը Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութենէն մանտաթ ստացաւ։

«ԿԸՅ-ն արձանագրում է՝ ԱԺ «Հայաստան» դաշինքի մանտաթը տրւում է հերթական յաջորդ թեկնածու Լեւոն Ռոպերթի Քոչարեանին», ըսաւ ԿԸՅ նախագահ Վահագն Յովակիմեանը։

Նշենք, որ Լեւոն Քոչարեանը ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի կրտսեր որդին է, որ կը պահուի անազատութեան մէջ։

Յիշեցնենք, որ Լեւոն Քոչարեանի փաստաբանական խումբի յայտարարութեան համաձայն՝ 2023 թուականի Նոյեմբեր 6-ին պատգամաւորի կարգավիճակ ձեռք բերելու պահէն, ան չի կրնար պահուիլ անազատութեան մէջ։

Արմէն Չարչեանի մանտաթը պիտի անցնէր Հայաստան դաշինքի նախընտրական ցուցակի յաջորդ անդամին, սակայն նոյն դաշինքի յաջորդ 3 անդամները՝  Միհրդատ Մատաթեանը, Անժելա Նալպանտեանը եւ Գերասիմ Վարդանեանը հրաժարեցան պատգամաւորի մանտաթէն, որպէսզի պատգամաւոր սարքեն Լեւոն Քոչարեանը։ Այսպիսով սոյն դաշինքը եւս մէկ անգամ ապացուցեց, որ կը ծառայէ բացառապէս Քոչարեանի ընտանիքի շահերուն, իսկ  Քոչարեան կրտսերը պատգամաւոր սարքելով կ’ուզեն վերջինս ազատել քրէական պատասխանատուութենէն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment