Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վիզաներու Ազատականացումը Կրնայ Եւս Մէկ Քայլ Ըլլալ Հայաստան-ԵՄ Մերձեցման Ճանապարհին․ Ռոթ

Վիզաներու Ազատականացումը Կրնայ Եւս Մէկ Քայլ Ըլլալ Հայաստան-ԵՄ Մերձեցման Ճանապարհին․ Ռոթ

by MassisPost

Գերմանիոյ Պունտեսթակի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Միխայէլ Ռոթ կը կարեւորէ Հայաստանի քաղաքացիներուն համար ԵՄ վիզաներու ազատականացումը Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու մերձեցման տեսանկիւնէն։

Ռոթ այս մասին յայտնեց լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին ժամանակ։

«Մենք կը սատարենք այն յստակ ուղերձը, որ կը վերաբերի վիզաներու ազատականացման Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու մէջ։ Սա կրնայ եւս մէկ քայլ ըլլալ Հայաստան-Եւրոմիութիւն մերձեցման ճանապարհին», ընդգծեց Ռոթ։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Գերմանիոյ Պունտեսթակի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Միխայէլ Ռոթի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Վարչապետը ողջունած է Միխայէլ Ռոթի այցը եւ կարեւորած է Հայաստանի եւ Գերմանիոյ խորհրդարաններուն միջեւ համագործակցութեան եւ երկխօսութեան շարունակական զարգացումն ու ամրապնդումը: Նիկոլ Փաշինեանը Հայաստան-Գերմանիա եւ Հայաստան-ԵՄ փոխգործակցութեան ծիրին մէջ ընդգծած է Հայաստանի մէջ իրականացուող ժողովրդավարական բարեփոխումներու արդիւնաւէտ յառաջմղման անհրաժեշտութիւնը: Վարչապետը անդրադարձած է տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ ցեղային զտման քաղաքականութեան հետեւանքով 100 հազարէն աւելի ԼՂ մեր հայրենակիցներու բռնի տեղահանութեան ու ստեղծուած մարդասիրական իրավիճակին:

Միխայէլ Ռոթ բարձր գնահատած է երկկողմ միջխորհդարանական կապերը եւ անոնց հետագայ ամրապնդման վստահութիւն յայտնած է: Պունտեսթակի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին նախագահը դատապարտած է Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրականացուած ցեղային զտման քաղաքականութիւնն ու տեղի հայութեան բռնի տեղահանութիւնը:

Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին, տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան, Հայաստանի մէջ Եւրոպական քաղաքացիական դիտորդական առաքելութեան գործունէութեան, ինչպէս նաեւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment