Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Բռնագանձել է 1000 Անշարժ Եւ 200 Շարժական Գոյք, Հայցագինը՝ 500 Միլիառ Դրամ. Գլխաւոր Դատախազութիւն

Հայաստանի Հանրապետութիւնը Բռնագանձել է 1000 Անշարժ Եւ 200 Շարժական Գոյք, Հայցագինը՝ 500 Միլիառ Դրամ. Գլխաւոր Դատախազութիւն

by MassisPost

Գլխաւոր դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութիւնը ձեւաւորումէն մինչ օրս (2020 թուականի Սեպտեմբերէն մինչեւ 2023 թուականի Սեպտեմբերը) նախաձեռնած է 419 ուսումնասիրութիւն, 115 վարոյթներով դատարան ներկայացուցած է հայցի նախնական ապահովում կիրառելու վերաբերեալ միջնորդութիւն:

Վարչութիւնը, իրականացուցած ուսումնասիրութիւններուն բերումով, դատարան ներկայացուցած է 89 հայցադիմում, որոնցով կը պահանջէ յօգուտ Հայաստանի Հանրապետութեան բռնագանձել ապօրինի ծագում ունեցող շուրջ 1000 անշարժ եւ 200 շարժական գոյք, 270 իրաւաբանական անձերու մօտ մասնակցութիւն:

Գնահատուած գոյքերու շուկայական արժէքներու հաշուառմամբ, հայցերու ընդհանուր հայցագինը կը գերազանցէ 500 միլիառ դրամը (բազմաթիւ գոյքերու՝ այդ շարքին իրաւաբանական անձերու մօտ մասնակցություններու շուկայական արժէքը այս փուլին տակաւին գնահատուած չէ. թիւը ունի աճի միտում):

89 հայցադիմումներէն 67-ը ներկայացուած է 2023 թուականի ընթացքին:

Գլխաւոր դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութիւնը մինչ օրս կնքած է հաշտութեան 4 համաձայնութիւն, որոնցով պետութեան փոխանցուած է 6 անշարժ եւ 1 շարժական գոյք՝ ընդհանուր շուրջ 2 միլիառ 100 միլիոն դրամ արժէքով, ինչպէս նաեւ շուրջ 79 միլիոն դրամ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment