Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանն Ու Իրանը Կը Դիտարկեն Սահմանին Երկրորդ Կամուրջ Կառուցելու Հնարաւորութիւնը

Հայաստանն Ու Իրանը Կը Դիտարկեն Սահմանին Երկրորդ Կամուրջ Կառուցելու Հնարաւորութիւնը

by MassisPost

Հայաստանն ու Իրանը քննարկած են հայ-իրանեան սահմանին նոր կամուրջ կառուցելու հեռանկարը։ Այս մասին յայտնած է Իրանի ճանապարհներու եւ քաղաքաշինութեան նախարար Մեհրտատ Պազրփաշը։

Պազրփաշ յայտնեց, որ իրանեան կողմը պատրաստ է բարեկամ Հայաստանին փոխանցելու ենթակառուցուածքներու զարգացման գործին մէջ ունեցած հարուստ փորձը՝ խթանելով մասնաւորապէս Հիւսիս-հարաւ մայրուղիի շինարարութիւնը։ Իրանցի նախարարին կարծիքով՝ Հայաստանի ու Իրանի միջեւ գործող կամուրջը արդէն բաւարար չէ ապահովելու աճող ապրանքաշրջանառութեան ծաւալները, ուստի Թեհրանը կը դիտարկէ նաեւ նոր կամուրջի շինարարութեան հեռանկարը։ Հայկական կողմին հետ ձեռք բերուած է պայմանաւորուածութիւն՝ այդ առթիւ աշխատանքային խումբ ձեւաւորելու համար։

Մեհրտատ Պազրփաշը իր հերթին նշեց, որ հայկական կողմին հետ ունեցած են բաւականին արդիւնաւէտ քննարկումներ՝ Հիւսիս-հարաւ ճանապարհի շինարարութեան հետ կապուած ձեռք բերելով կարեւոր պայմանաւորուածութիւններ։

«Ըլլալով բարիդրացիական յարաբերութիւններ ունեցող դարաւոր հարեւաններ՝ մեր ժողովուրդները այսօր պէտք է զարգացնեն իրենց տնտեսական ներուժը եւ այդ ճանապարհին կատարեն անհրաժեշտ քայլեր։ Իրանի կառավարութիւնը իր պատրաստակամութիւնը կը յայտնէ Հայաստանի հետ տարբեր ծրագրերու մէջ համագործակցելու վերաբերեալ։ Հաշուի առնելով յստակ մեր երկու նախարարութիւններուն միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները՝ մտադիր ենք հետեւողականորէն իրականացնել առկայ ծրագրերը։ Մեզի համար չափազանց կարեւոր է այդ ծրագրերէն մէկուն մէջ իրանեան ընկերութիւններուն ներգրաւուածութիւնը, որոնք ներդրումներու առումով կը գտնուին բարենպաստ վիճակի մէջ։ Անոնք ոչ միայն Իրանի, այլեւ միջազգային ասպարէզին մէջ ունին յուսալի գործընկերներ՝ վերջիններուս ուշադրութիւնը սեւեռելով իրենց վրայ։ Յոյս ունինք նաեւ Հայաստանի մէջ անոնց ճարտարատեխնիկական բարձրակարգ աշխատանքներուն ականատեսը ըլլալ», ըսաւ Իրանի ճանապարհներու եւ քաղաքաշինութեան նախարարը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment