Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արարատ Միրզոյեանը Թեհրանի Մէջ Հանդիպած Է Իրանի Նախագահին Հետ

Արարատ Միրզոյեանը Թեհրանի Մէջ Հանդիպած Է Իրանի Նախագահին Հետ

by MassisPost

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին, Հոկտեմբեր 23-ին, Թեհրանի մէջ ընդունած է Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը:

Զրուցակիցները գոհունակութեամբ արձանագրած են, որ երկու հարեւան եւ բարեկամ երկիրներուն միջեւ ձեւաւորուած է բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւն՝ հիմնուած փոխադարձ յարգանքի եւ երկու ժողովուրդներու հազարամյայ եղբայրութեան վրայ:

ՀՀ արտաքին գործերու նախարարը եւ Իրանի նախագահը կարեւորած են տարբեր ոլորտներու մէջ Հայաստան-Իրան փոխգործակցութեան խորացումը եւ այդ ուղղութեամբ պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ուղղութեամբ գործուն քայլերու իրականացումը:

Արարատ Միրզոյեան եւ Իպրահիմ Ռայիսին քննարկել են նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան վերաբերող հարցեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment