Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կայացած Է Սուրէն Պապիկեանի Եւ Ֆրանսայի Զինուած Ուժերու Ղեկավարին Հանդիպումը. Երկկողմ Համագործակցութեան Մասին Փաստաթուղթեր Ստորագրուած Են

Կայացած Է Սուրէն Պապիկեանի Եւ Ֆրանսայի Զինուած Ուժերու Ղեկավարին Հանդիպումը. Երկկողմ Համագործակցութեան Մասին Փաստաթուղթեր Ստորագրուած Են

by MassisPost

Ֆրանսա կատարած աշխատանքային այցի շրջանակին մէջ, ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան այցելած է Ֆրանսայի Զինուած Ուժերու Նախարարութիւն, ուր տեղի ունեցած է դիմաւորման հանդիսաւոր արարողութիւն՝ զինուորական նուագախումբին եւ պատուոյ պահակախումբին մասնակցութեամբ։ Հնչած են Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան պետական օրհներգերը:

Այնուհետեւ մեկնարկած է Ֆրանսայի զինուած ուժերու նախարար Սեպասթիեն Լըքորնիուի հետ հանդիպումը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ հայ-ֆրանսական համագործակցութեան, նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր:

Կողմերը բարձր գնահատած են համագործակցութեան ներկայիս մակարդակը եւ պատրաստակամութիւն յայտնած են նոր ջանքեր գործադրել՝ զայն աւելի զարգացնելու նպատակով:

Այնուհետեւ Ֆրանսայի Զինուած Ուժերու Նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած է երկկողմ համագործակցութեան մասին փաստաթուղթերու ստորագրում:

Ֆրանսայի զինուած ուժերու նախարարը նախօրէին յայտնած էր` պայմանագրով կը նախատեսուի ֆրանսական արտադրողներէ որոշակի քանակութեամբ սպառազինութեան ձեռքբերում, որ Հայաստանին թոյլ կու տայ ապահովել իր օդի պաշտպանութիւնը։ Թէ ճշգրիտ ինչ ծաւալներու եւ տեսակի մատակարարումներու մասին է խօսքը, եւ ինչ ժամկէտներու ու ինչ ճանապարհով անոնք պէտք է Հայաստան տեղափոխուին, կողմերը չեն յստակացներ։

ֆրանսայի Զինուած Ուժերու Նախարարութիւնն ալ X ընկերային ցանցին մէջ գրառմամբ կը հաստատէ, որ Սեպասթիեն Լըքորնիուն եւ Սուրէն Պապիկեանը կը հանդիպին՝ պաշտօնապէս ձեւակերպելու սպառազինութեան ձեռքբերումը, որ Հայաստանին «թոյլ կու տայ պաշտպանել քաղաքացիական բնակչութիւնը եւ ապահովել սահմաններուն պաշտպանութիւնը»:

ՀՀ Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեան յայտնեց, որ խօսքը պաշտպանական զինատեսակներու մասին է: Իշխանական պատգամաւորը, սակայն, չպարզաբանեց՝ արդեօք խօսքը միայն հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերո՞ւ մասին է, թէ՞ Փարիզը այլ զինատեսակներ եւս կը պատրաստուի մատակարարելու Երեւանին։

«Ամսի 30-ին Ազգային Ժողովում սկսւում է բիւջէտային քննարկումները, եւ որպէս կանոն՝ առաջինը քննարկուելու է Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերի յանձնաժողովին վերաբերող հատուածը: Եւ այնտեղ բոլորդ հնարաւորութիւն կ’ունենաք թոյլատրելիի սահմաններում ստանալ ձեզ հետաքրքրող հարցերի որոշակի, չեմ ասում՝ ամբողջութեամբ, բայց բացուած փակագծերով պատասխաներ, որը կը վերաբերի թէ՛ սպառազինութեանը, թէ՛ նրա կառուցուածքին», ըսաւ Քոչարեան:

Արդեօ՞ք Ֆրանսայէն նախատեսուող ռազմական մատակարարումները կը նշանակեն, որ Հայաստանը կ’ընդլայնէ ռազմական համագործակցութիւնը։ Իշխանական պատգամաւորը ըսաւ, թէ պետութիւնը իր համագործակցութեան շրջանակը պէտք է մեծցնէ:

«Քաղաքական հարցերում պէտք է ունենայ նաեւ բարեկամների աւելի մեծ ներգրաւուածութիւն, ու 44-օրեայ պատերազմը մեզ յուշեց, որ մենք բոլոր հարթակներում պէտք է լուրջ աշխատանք ծաւալենք եւ ոչ միայն ունենանք բարեկամներ, այլեւ այնպիսի յարաբերութիւններ, որոնք միտուած կը լինեն մեր անվտանգային միջավայրը դարձնել աւելի ներառական, որպէսզի մեր սահմաններից սկսած մեր երկրի կայունութեանն առնչուող բոլոր հարցերը ստանան իրենց լուծումները», ընդգծեց Անդրանիկ Քոչարեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment