Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արարատ Միրզոյեան Թեհրանի Մէջ Կը Մասնակցի «3+3» Ձեւաչափով Հանդիպման. Վրաստան Հրաժարած Է Ներկայանալէ

Արարատ Միրզոյեան Թեհրանի Մէջ Կը Մասնակցի «3+3» Ձեւաչափով Հանդիպման. Վրաստան Հրաժարած Է Ներկայանալէ

by MassisPost

Թեհրանի մէջ ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է տարածաշրջանային խորհրդակցական հարթակի հանդիպումը:

Կը մասնակցէին Իրանի, Ատրպէյճանի, Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարները:

Վրացական կողմը, ռուսական լրատուամիջոցներուն հաղորդմամբ, հրաժարած է մասնակցելէ հանդիպման։

Հարաւային Կովկասի մէջ համագործակցութեան վեցակողմ ձեւաչափի նախաձեռնութիւնը 2020 թուականի վերջաւորութեան մեկնարկեց Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ առաջնորդներ Իլհամ Ալիեւի եւ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի կողմէ, որ հետագային յայտնի դարձաւ որպէս «3+3»: Ռուսաստանը եւ Իրանը ողջունեցին այս գաղափարը, եւ Հայաստանը նոյնպէս միացաւ այդ ձեւաչափին։

Վրաստանը յայտարարած էր, որ չի նախատեսեր մասնակցիլ նախաձեռնութեան։

2021 թուականի Դեկտեմբեր 10-ին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ հինգ երկիրներու արտաքին գործերու փոխնախարարներու մակարդակով խորհրդատուական տարածաշրջանային հարթակի առաջին հանդիպումը։

Վրաստանը ձեռնպահ մնաց 2021 թուականի հանդիպումէն եւ արտաքին գործերու նախարարներու մակարդակով ընթացիկ հանդիպումէն։

Վրաստանի ԱԳՆ-ն յիշեցուցած էր, որ Վրաստանը երբեք չէ մասնակցած նման ձեւաչափով հանդիպումներուն:

Վրաստանի իշխանութիւնները այս դիրքորոշումը կը բացատրեն անով, որ չեն կրնար մասնակցիլ որեւէ ձեւաչափի, ուր Ռուսաստանը կը մասնակցի, քանի դեռ Ռուսաստանի Դաշնութիւնը դուրս չէ բերած իր զօրքերը Ապխազիայէն եւ Հարաւային Օսեթիայէն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment